ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` պատասխանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Դաշնակցութեան հասցէին եղած արտայայտութիւններուն, ըսաւ.

«Ցաւօք, ստիպուած ենք արձանագրելու, որ քանի՛ երորդ անգամն ըլլալով, ի պատասխան քաղաքական խօսքի եւ հարցադրումներու, Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կը հնչեն փողոցային բառապաշարով գնահատականներ եւ արտայայտութիւններ:

«Այո՛, Դաշնակցութեան մօտեցումներուն եւ սկզբունքներուն մէջ բան չէ փոխուած:

«Մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ իրական պսակաձեւ ժահրը տարածողներուն դէմ:

«Ինչ կը վերաբերի քաղաքական աղբանոցին մէջ յայտնուելուն, ապա ակնյայտ է, որ այս հարցին մէջ խորապէս մտահոգուելու պատճառ ունի օրուան իշխանութիւնը»:

Միւս կողմէ, ընդդիմադիր դաշտին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ ընդդիմութեան հաւանական համախմբման մասին «Երկիր»ին հետ ունեցած կարճ զրոյցի մը ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ երկրին մէջ կացութիւնը իսկապէս տագնապալի է: «Իշխանութիւնը ձախողած է բոլոր ուղղութիւններով: Անիկա կը շարունակէ չընկալել ստեղծուած ճգնաժամը` իր ամբողջ խորութեամբ եւ սրութեամբ: Անընդունելի եւ դատապարտելի է նաեւ հնչող քաղաքական հարցադրումներուն վերաբերեալ իշխանութեան ցուցաբերած վարքագիծը: Քաղաքական հակադարձութիւնները կ՛արժանանան հիւանդագին արձագանգի, որոնք կ՛արտայայտուին քրէական գործեր յարուցելու սպառնալիքով եւ հետապնդման ձեւերով քաղաքական ընդդիմութիւնը լռեցնելու փորձերով», ըսաւ ան:

Ըստ անոր` այս իրավիճակին մէջ համախմբումը այլընտրանք չունի: «Սակայն իրական համախմբումը կրնայ տեղի ունենալ միայն յստակ օրակարգի շուրջ: Մեր համոզումով, այդպիսի օրակարգ պէտք է միտուած ըլլայ ճգնաժամը յաղթահարելուն եւ երկիրը զարգացման ազգային- պետական ուղեգիծ տեղափոխելուն: Այսպիսի օրակարգի առջեւ մղումը կը պահանջէ ձեւաւորել լայն համախոհութեամբ նախաձեռնող խումբի, որուն հիմնական ընելիքը պէտք է ըլլայ օրակարգի շուրջ ժողովրդական լայն աջակցութիւն ապահովելը: Վերջապէս` իշխանութեան ձեւաւորման եւ զայն փոխելու միակ իրաւատէրը ժողովուրդն է», շեշտեց Սաղաթէլեան: