ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻ ՍԿԻԶԲ
9 տարիներու զգալի բացակայութենէ յետոյ վերստին կը հրատարակուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը: 2020 թուականի Յունուարին առաջին թիւը (1635-րդ) արդէն հասանելի է ընթերցողներուն:
Կեանքի 74-րդ տարին բոլորող պաշտօնաթերթը կը հրատարակուի ելեկտրոնային տարբերակով, ամսաթերթի պարբերականութեամբ:
Իբրեւ պաշտօնաթերթի հիմնադիր, զուտ իրաւաբանական տեսանկիւնէ եւ ՀՀ օրէնքներուն համաձայն, նշուած է «ՀՅԴ պատմութեան թանգարան-հիմնադրամի» անունը: Ելեկտրոնային ամսաթերթի խմբագիրը նորանկախ Հայաստանի գաղափարական ուղղուածութեան մամուլի երախտաւորներէն, ՀՅԴ Բիւրոյի մամուլի դիւանի ներկայացուցիչ Արտաշէս Շահպազեանն է: Կայ խմբագրական խորհուրդ, սակայն անդամներուն անունները չեն նշուած:
Ելեկտրոնային անդրանիկ համարին մէջ առանձնացուած են շարք մը բաժիններ՝ «Հարցազրոյց» (ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ), «Սոցիալական», «Դաշնակցական Բեմ», «Հայրենի Եզերք», «Տարածաշրջանային», «Սփիւռք», «Երիտասարդական», «Պատմութեան Լուսարձակ», «Դէմքեր եւ Դէպքեր», որոնց մէջ ներառուած են ՀՅԴ դերակատարութեան ու ընելիքներուն, գաղափարախօսական, ՀՀ ընկերային-տնտեսական հարցերուն, Արցախին, Ջաւախքին, Այսրկովկասեան, մերձաւոր եւ միջինարեւելեան եռացող հիմնահարցերուն, Սփիւռքին, Արեւմտահայաստանին եւ համազգային նշանակութեան այլեւայլ հարցերուն առնչուող շարք մը ծանրակշիռ եւ գիտահանրամատչելի աշխատանքներ:
Խմբագիր Արտաշէս Շահպազեան, «Խմբագրականի Փոխարէն» ենթագլուխին տակ «Առաջնորդող» վերնագիրով կը գրէ հետեւեալը. ««Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը» վերսկսում է «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի հրատարակութիւնը: «Դրօշակ»ի կենսագրութիւնը ձուլուած է ծնող կուսակցութեան անցած ճանապարհին այնքան, որ այս երկուսից մէկին անդրադառնալիս յաճախ յիշում ես միւսին: Սխալուած չենք լինի պատկերաւոր ներկայացնելով, որ «Դրօշակ»ը եղել է կուսակցութեան մաքառումի ու հերոսացման ուղին արտացոլող հայելին»:
Այնուհետեւ կը շարունակէ՝ ըսելով. «Խօսքի առատութեան մեր ժամանակներում «Դրօշակ»ը կրկին հրապարակ է իջնում որոշակի բաց տեղ զբաղեցնելու համար»:
Առաջնորդող յօդուածը իր աւարտին կը հասնի. ««Դրօշակ»ը, իր ջուրը խմելով սեփական ակունքներից եւ այլոց փորձառութիւնը նկատի ունենալով, կը ջանայ յստակեցնել խնդիրներն ու փնտռել դրանց պատասխանները:
Թերեւս առայժմ այսքանը, որպէսզի յաւակնութիւնները մեզանից առաջ չընկնեն: Թող որ մեր գործը խօսի մեր փոխարէն»:
«Դրօշակ»ի այս ժամանակաշրջանի առաջին թիւէն արդէն կը շեշտուի, որ խմբագիրն ու խմբագրական խորհուրդը տեղ տուած են համակուսակցական եւ համահայկական մտաւորականութեան: Այդ պատճառով հոն գրութիւններ ունին տարբեր շրջաններու դաշնակցական մամուլի խմբագիրներ եւ գրողներ:
Արդարեւ, 1891-էն 2020-ի միջեւ ինկած ժամանակաշրջանին «Դրօշակ»ի հաւաքածոն կը ներկայացնէ ինքնաբերաբար կուսակցութեան պատմութիւնը: Դաշնակցականներ իրե՛նք կը պատգամեն:
Դաշնակցութիւնը ինքզի՛նք կը պատմագրէ, եւ ընթերցողը պատմական տուեալներու թէ աննման հերոսներու մտածողութեան հաղորդ կը դառնայ ազգային անկորնչելի ժառանգութեան մը սեփականատիրոջ զգացումով:
«Դրօշակ» շուրջ 130-ամեայ երթով լուսարձակի տակ առած է տարբեր տեսակի նիւթեր՝ Դաշնակցութեան գերագոյն ժողովներուն եւ անոնց յարակից գործունէութեան վերաբերող պատկառելի թիւով լրագրութիւններ, ընդհանուր ժողովներու հաղորդագրութիւններ, կուսակցական շրջաններու տեղեկութիւններ, շրջանային թէ ռայոնական ժողովներու տեղեկանքներ, դիւանական այլազան թուղթեր, ընդհանուր ժողովներու եւ բիւրօներու կարեւոր որոշումներ, զանազան նամակներ, նուիրատուութիւններ եւ այլն:
Այլուր ուշագրաւ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Նախիջեւանի եւ հայկական գաղթավայրերու ներքին կեանքի մասին, Հայ Դատի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ զանազան շրջաններու կառոյցներուն մասին, անշուշտ, միշտ հարստացած տեղւոյն հայ կեանքի գլխաւոր երեւոյթներուն օգտակար արժեւորումներով: Հոն լայնօրէն լուսաբանուած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ներքին կեանքն ու արտաքին քաղաքականութիւնը, լուսարձակի տակ առնուած են անոնց հակահայ քարոզչութիւնը, խեղաթիւրումներն ու ապատեղեկատուութիւնը:
«Դրօշակ»ի նիւթերը մերթ ընդ մերթ մեզի կը ներկայանան իբրեւ տեսակ մը աշխարհագրութեան եւ հայոց պատմութեան դասեր՝ յեղափոխական դէմքերու կենսագրականներ, մարտական-յեղափոխական հերոսապատումներ, որոնք իրենց հետ կ’առնեն կը տանին ընթերցողը դէպի հայրենի գիւղեր, գաւառներ կամ հայաշխարհի սփիւռքեան ոստաններ, եւ այնտեղ այդ բարբառուն վկայարաններուն եւ անոնց հերոսներուն հետ ընթերցողը կ’ունենայ հոգեխռով եւ դաստիարակիչ զրոյցներ, որոնք մարդուս մէջ կ’արթնցնեն ազգային հպարտութեան զգացում, նահատակութեամբ հայրենիք կերտելու, դատ պաշտպանելու եւ վճռակամութեամբ գաղափարաբանութեան մը վեհութիւնը ապրելու պատրաստակամութիւն:
Տակաւին, առանց մոռնալու, թանկարժէք նշխարներու ձեւով, Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի, Ռոստոմի, Յոնան Դաւթեանի, Արմէն Գարոյի, Դժոխք Հրայրի, Պետոյի եւ առաջին սերունդի այլ դաշնակցականներու յօդուածներու ու թղթակցութիւններու բաժինը, ուր յափշտակութեամբ կը կարդացուին անոնց գրութիւնները:
Յաջորդական թիւերուն մէջ՝ ընդհանուր մեծ վերնագիրի տակ, որքան ալ կուսակցութեան պատմութիւնն է, որ կը վաւերագրուի, բայց խորքին մէջ Հայոց պատմութիւնն է, որ կը ներկայացուի մե՛րթ աշխարհագրութեամբ, մե՛րթ յաջորդական դրուագներով ու դէպքերով, եւ անոնց ընդմէջէն հերոսներու, նոյնքան՝ տեղանուններու եւ անձնանուններու, այլ ժամանակաշրջանի մէջ կը հանդիպինք գիտական լուրջ աշխատանքներու:
«Դրօշակ»ի ամբողջութիւնը մեծարժէք է իր պարունակութեամբ եւ բովանդակութեամբ: Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին հայկական յեղափոխութեան շունչը զգալ, մօտէ՛ն քննել հարցերու մօտեցման եղանակը, մղիչ ապրումներն ու մտածումները անոնց, որոնք նոր կերպարանք տուին հայոց պատմութեան:
Ուսումնասիրական այս համեստ աշխատութեան մէջ «Դրօշակ»ի մասին, որպէս վերջաբան, կ’արժէ հիմնաւորել քանի մը կէտ.
1. Իւրաքանչիւր վերահրատարակութեան ժամանակաշրջան կարելի է ճշդորոշել հետեւեալ ուղղուածութեամբ.
Առաջին ժամանակաշրջանը. «Դրօշակ»ի էջերուն մէջ կ’արտացոլայ հարազատ հողի վրայ ըլլալու եւ յեղափոխութեամբ ազատագրական զինեալ պայքարի զարթօնքի ժամանակաշրջան կերտելու հզօր գործօնի հանգամանքը, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցած հայդուկային կռիւներու դաշտէն պատերազմական լրագրութիւն կատարելու իրողութիւնը:
Երկրորդ ժամանակաշրջանը. Դաշնակցութեան Օրուան յիշատակման սկիզբ, Հայաստանը խորհրդայնացուած, ՀՅ Դաշնակցութիւնը Երկրէն տարագրուած, Դաշնակցութիւնը համայնավարութեան թիրախ դառնալուն առնչուած նիւթերու արծարծում, անշուշտ, կուսակցական կեանքին ու գաղափարաբանական նիւթերուն զուգահեռ:
Երրորդ ժամանակաշրջանը. Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Սփիւռքի կազմաւորուածութիւնը, Հայ Դատի նոր փուլ մտնելը եւ անոր առնչուող 1975-1985 տարիներու զինեալ պայքարի ժամանակաշրջանը, ազգային մշակոյթի եւ լեզուի կարեւորութիւնը սփիւռքեան պայմաններու մէջ, Խորհրդային Միութեան թշնամանքի եւ այլախոհական շարժումներն են, որ լուսարձակի տակ կ’առնուին:
Չորրորդ ժամանակաշրջանը. Խորհրդային Միութեան փլուզում, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացում, Արցախի ազատագրական պայքար, Հայոց Համազգային Շարժման (ՀՀՇ) վերաբերմունքը ՀՅԴ-ի հանդէպ, Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան իշխանութիւններու կողմէ (ՀՀՇ)՝ հանրապետութեան տարածքին Դաշնակցութեան գործունէութեան կասեցումն ու դաշնակցականներու հետապնդումն ու բանտարկութիւնը, Ատրպէյճանի եւ յատկապէս Թուրքիոյ ճնշումով միջազգային ընտանիքի կողմէ կիզակէտ հանդիսացող ԼՂՀ հիմնախնդիրը, Հայ Դատի գործընթացի վերադասաւորում:
Հինգերորդ ժամանակաշրջանը. թէեւ քանի մը տարի անցած է միայն, սակայն «Դրօշակ»ի էջերուն մէջ կ’արտացոլան գաղափարաբանութեան, ընկերվարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն գործելաոճը, Հայաստանի նախագահութեան թեկնածու դաշնակցականներու հիմնաւորումները: Միւս կողմէ՝ նոր փուլի մը սկիզբ՝ տեղեկատուական պատերազմ, պատմական ու քաղաքական խեղաթիւրումներ եւ ապատեղեկատուութեան տարածման շուրջ գիտական յօդուածներ, եւ տակաւին կը շարունակուի այս ժամանակաշրջանը՝ իր հետ բերելով բնականաբար նոր ուղղութիւններ:
2. «Դրօշակ»ի հիմնական նպատակն ու առաքելութիւնը սկիզբէն ի վեր եղած է ու կը մնայ հայ ժողովուրդին եւ դաշնակցական շարքերուն կուսակցութեան գաղափարական եւ սկզբունքային տեսական նիւթեր հայթայթել, որուն ճամբով կը փորձուի ընդհանրապէս բարձրացնել հայ ժողովուրդին քաղաքական գիտակցութեան մակարդակը:
3. ՀՅ Դաշնակցութեան ոչ պարբերական հրատարակութիւններու շարքը ծնունդ առած է յեղափոխական-ընկերվարական հրատարակութիւններու «Դրօշակ» մատենաշարով, որուն առաջին գրքոյկը՝ «Ապստամբական Ոգի», լոյս տեսած է 1894ին: Այնուհետեւ յաջորդաբար հրատարակուած են հարիւրաւոր գիրքեր, անոնց մէջ նաեւ՝ օտար լեզուով:
4. «Դրօշակ»ի մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութիւններէն շատերը հետագային հրատարակուած են առանձին հատորներով (ոչ «Դրօշակ» մատենաշարի անունով):
5. Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան մօտաւոր կերպով համապատասխանած է համաշխարհային, ազգային եւ կուսակցական տարաբնոյթ վերիվայրումներու եւ փոփոխութիւններու ժամանակա-շրջաններուն:
—————————————-
«Դրօշակ» տարիներու ընթացքին, թէեւ գոյատեւած է կարգ մը ընդհատումներով, վերանուանումներով, խմբագիրներու եւ խմբագրակազմերու փոփոխութիւններով, տեսքով, ձեւաչափով, սակայն մի՛շտ ալ յատկանշուած է գաղափարականութեամբ եւ սկզբունքայնութեան անկոտրում կեցուածքով: Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի եւ մարտահրաւէրի համար անկասկած յայտնուած են զայն դիմագրաւելու ատակ մարդիկ: Բարեբախտաբար, պարբերականը բոլոր առումներով պահպանած է իր ինքնութիւնը եւ միշտ նորոգուելով՝ բերած է նոր շունչ եւ աւիւն՝ մի՛շտ անշեղ խորքով, ուղղած ու ցուցմունքներ տուած է այն մարտահրաւէրներու շուրջ, որոնք ցցուած են հայ ժողովուրդին դիմաց: Այստեղ կը շեշտադրուի, որ դաշնակցական պաշտօնաթերթի ըմբռնումն ու ուղղուածութիւնը իր իսկ հանգամանքէն բխող պարտաւորութիւններու դիմաց կը դնեն զինք:
«Դրօշակ»ի մօտաւորապէս 130-ամեայ ճանապարհորդութիւնը դիւրին չէ եղած երբեք. զինեալ ազատագրական պայքար, հերոսամարտեր, Հայոց ցեղասպանութիւն, գաղթ, շրջանային տագնապներ, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտում, ազգային վերիվայրումներ, ազգային ինքնութեան պահպանութեան մարտահրաւէրներ, Արցախի Հանրապետութեան կերտում, տնտեսական թէ մարդուժի դժուարութիւններ եւ այլն: Այդ բոլորը մաս կազմած են պաշտօնաթերթին տարեգրութեան. «Դրօշակ» անցած է այդ բոլորին բովէն եւ, բնականաբար, ազդուած այդ բոլորէն:
Միւս կողմէ, կուսակցական պաշտօնաթերթ ըլլալու հանգամանքը չէ խանգարած, որ «Դրօշակ»ը դառնայ նաեւ հասարակական լայն զանգուածներու կողմէ փնտռուած եւ համակրանք վայելող թերթ մը: Անոր ազգային ուղղութիւնը եղած է առողջ, ազգային բոլոր տեսակի հիմնահարցերը ներկայացուցած, գաղափարական եւ քաղաքական սնունդ սերմանած է, ինչպէս նաեւ կուսակցական մամուլին շուրջ գաղափարա-քաղաքական բեմահարթակը հանդիսանալով՝ իրազեկ դարձուցած է բոլոր այն հայորդիները, որոնք մտահոգուած են ազգին Դատով:
«Դրօշակ»ին շուրջ համախմբուած իւրաքանչիւր կուսակցական շարքային կամ անհատ համակիր իր գաղափարապաշտութեամբ թէ տեսլականով, միտքով թէ գրիչով, աշխատակցութեամբ թէ քսակով կերտած է այս թերթին հարուստ պատմութիւնը:
Ինչպէս որ 1891-2020 թուականներուն «Դրօշակ»ի դէմ ցցուող ամէն տեսակի մարտահրաւէրները յաղթահարուած են, այսօր եւս դիմագրաւելու հաստատակամութիւնը շեշտուած է կրկնակիօրէն: Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է կարելին եւ անկարելին ընել՝ թերթը ժամանակակից տեղեկատուական նոր արհեստագիտութեան եւ համացանցային դարու պահանջներուն պատշաճեցնելու համար:
Այսօր արհեստագիտութեան ժամանակն է: Նոր ժամանակներուն յարմարելու համար խիստ կարեւոր է օգտագործել ընձեռուած բոլոր կարելիութիւնները:
Օգտուելով արհեստագիտութեան բարիքներէն՝ «Դրօշակ» 130-ամեակի սեմին իր ելեկտրոնային տարբերակով ու կայքով մուտք կը գործէ հայկական կեդրոններ, հայորդիի տուն թէ գրասենեակ՝ հայ ազգային, գաղափարական, քաղաքական, ազատագրական պայքարի միտքն ու լուրը հասցնելու անոնց:
Պէտք է գուրգուրալ «Դրօշակ»ին վրայ, բեմահարթակներու վրայ զայն յիշատակելը բաւարար չէ, այլ մտաւորական եւ նիւթաբարոյական գերզօրակցութիւնը, ամուր պահպանելը, որպէսզի մնայ միշտ իր բարձունքին վրայ, որուն արժանի է: Պէտք է ընթերցողի լայն զանգուած պատրաստել ու տարածել նաեւ:
Միւս կողմէ, մեծ նուիրագործում է գաղափարապաշտ մտաւորական փաղանգի մէկտեղումն ու անոր նուիրական ծառայութիւնը, որպէսզի նոյն այդ շրջանակը նոյն յանձնառու ոգիով շարունակէ ապահովել թերթին յաղթական ընթացքը, անոր ուղեգիծը եւ ազգանուէր առաքելութիւնը: Այս տեսիլքով եւ վճռակամութեամբ է, որ անհրաժեշտ է միասին քալել դէպի աւելի եւս փայլուն ապագայ:
Գաղափարական միտքի արծարծումն ու զարգացումը կը համարուի գլխաւորը, որ պէտք է արտացոլայ «Դրօշակ»ի էջերուն մէջ: Ան կը դաստիարակէ մեզ եւ ուրեմն կը մնա՛յ, կը գոյատեւէ նոյնքան ուժական, նոյնքան կենդանի, քանի ան կը ներկայացնէ շատ պարզ, շատ էական եւ յաւերժական իմաստասիրութիւնը հայկական յեղափոխութեան:
Այստեղ, «Դրօշակ»ի վեցերորդ ժամանակաշրջանի առաջին թիւին լոյսընծայման առիթով եւ հիմնադրութեան 130-ամեակի սեմին կանգնած, պարտաւոր ենք գնահատելու նախ բոլոր խմբագիրներն ու խմբագրական կազմերը անխտիր, քանի որ այս յաջողութեան իսկական բանալին անոնք են, ապա՝ այն բոլոր նուիրեալները, որոնք գաղափարի սիրոյն ծաւալեցին գաղափարական միտքը եւ իրենց գրիչը շարժեցին դժուարին պայմաններու մէջ:
Վերջապէս, «Դրօշակ»ը ՀՅԴ գաղափարաբանութեան դրօշակն է, որ միշտ պէտք է ծածանի մամուլի ընտանիքին մէջ եւ տարբեր բեմահարթակներու վրայ, եւ կարելի չէ վար առնել, կանգ առնել կամ անգամ մը եւս դադրիլ, ինչ ալ ըլլան անոր պայմանները, քանի որ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ն ալ կը համարուի կուսակցութեան խորհրդանիշներէն մէկը:
«Դրօշակ»ի լոյսընծայումը խիստ կարեւոր ու հպարտալի երեւոյթ է: Արդար է մեր ուրախութիւնը, եւ տեղին է մեր հպարտութիւնը: Քանի որ «Դրօշակ»ը իր 130 տարիներու ընթացքին եղած է ՀՅ Դաշնակցութեան վաւերագիրը՝ գրաւոր յուշարձանը:
Աւօ Գաթրճեան
«Դրօշակ», թիւ 6 (1640),
Յունիս, 2020 թ.