Շաբաթ, 6 Յունիսի երեկոյեան,  հայկական թաղերու պաշտպանութեան նուիրուած նահատակ հալէպահայերու գաղափարակից ընկերները Ազգ. գերեզմանատուն այցելեցին եւ խունկ ու մոմ վառեցին անոնց շիրիմներուն դիմաց: Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան խօսք առնելով անդրադարձաւ նահատակութեան խորհուրդին եւ դաշնակցականի ուխտին՝ որուն հաւատարիմ գործեցին ու զոհուեցան հայկական թաղերու պաշտպանութեան նուիրուած մեր տղաքը:
 Կիրակի, 7 Յունիսի առաւօտեան Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ՝ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին եւ գաղափարակից ընկերներու:
Արարողութենէն ետք ցաւակցութիւններ ընդունուեցան «Տիգրանեան» սրահէն ներս, ուր խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը՝ դիտել տալով որ նահատակ մեր տղաքը իրենց կեանքը նուիրեցին գիտակցաբար, յանուն սուրիահայ գաղութի պահպանման եւ Սուրիական Հայրենիքի անկախութեան պահպանման:
Այնուհետեւ ընթերցուեցաւ գաղափարակից ընկերներու հետեւեալ սրտի խօսքը.
««Նրանց, որոնք խիզախ կեանքով դաժան մահը հեգնեցին եւ հպարտ մահով մեր սեւ կեանքին փայլ տուին»
Հերոս նահատակներու յիշատակին ուղղուած մեր խօսքը Աւետիս Ահարոնեանի այս բառերով կը սկսինք:
Իւրաքանչիւր անհատ աշխարհ եկած է առաքելութեամբ մը: Իսկ այդ առաքելութիւններուն ամենասուրբն ու վեհը ինքզինք  զոհելն է գերագոյն նպատակի համար:
Պահ մը կը դժուարանանք արտայայտուելու մեր նահատակ ընկերներուն մասին:  Անոնք ոչ միայն գիտակցեցան իրենց տուած խոստումին, այլեւ ամէն ջանք ի սպաս դրին զայն պահելու: Անոնք ոչ միայն ծառայեցին ժողովուրդին, այլեւ իրենց կեանքը զոհաբերեցին այդ առաքելութեան ճանապարհին, այն ժամանակ անոնք դարձան քաջարի, հերոս նահատակներ:
Մեր խիզախ հերոսնե՛ր, այո՛  դուք հեռացաք մեզմէ մարմնով, սակայն ձեր յիշատակն ու գործերը  յաւերժ դրոշմուած են մեր մտքերուն, սրտերուն եւ պատմութեան էջերուն մէջ:
Դուք որոշեցիք սիրայօժար միանալ ազգի ծառայութեան նուիրեալ գաղափարակից ձեր ընկերներու փաղանգին: Նուիրեցիք ձեր ժամանակը, ուժը, լուման, ի վերջոյ զոհեցիք ձեր ամենաթանկ ունեցածը՝ ձեր կեանքը:
Ձեր նահատակութեամբ նոր սերունդները կ’առաջնորդէք շարունակելու սրբազան վեհ գաղափարի նուիրումի ուղին:
Աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ ձեր հոգիները լոյսի ու խաղաղութեան մէջ հանգչին:
Խունկ ու մոմ ձեր շիրիմներուն:
Յարգանք ձեր յիշատակին: 
Ձեզ միշտ կը յիշենք, ընկերնե՛ր»: