Վատերուն մէջ լաւը գտնելը մարդկային այն յատկութիւնն է, որմէ կը ծնին նոր գաղափարներ եւ որուն միջոցաւ կեանքի խոչընդոտները կը վերածուին առիթներու։ Այս սկզբունքէն մեկնելով, պատերազմի ամէնէն դժնդակ տարիներուն Հալէպ ունեցաւ այն ինչ չունէր երկար տարիներ՝ մանկական երգերու մեկնաբան, յանձինս Սոնա Սիւլիւքճեան-Թերզեանին եւ իր խումբին։
Սոնա, որ կանուխ տարիքէն ցուցաբերած է երգեցողութեան արուեստի մեծ ընդունակութիւն, զարգացուցած է իր երաժշտական հակումները հետեւելով ձայնամարզութեան, իսկ 2016-էն ի վեր ամբողջովին նուիրուած է մանկական երգերու աշխարհին։  «Առաջին անգամ մանուկներուն համար երգելու գաղափարը ունեցայ պատերազմի շրջանին, երբ ճամբաները փակ էին եւ Հալէպի մանուկները հոգեկան ճնշուած վիճակի մէջ կը գտնուէին։ Մանաւանդ երբ մանուկները կը դիտէին Հայաստան գտնուող իրենց ընկերներուն նկարները, ուշագրաւ էր, որ հոն մանուկներու աշխարհ կայ, յատուկ ձեռնարկներ ու նախաձեռնութիւններ։ Ես ալ երկու զաւակի մայր եմ եւ երբ աղջիկներս ակնածանքով ցոյց կու տային այդ նկարները, մէջս բարի նախանձ մը արթնցաւ։ ՍՕ Խաչի կազմակերպած Բարեկենդանի ձեռնարկի մըն էր, երբ մանուկներուն համար առաջին անգամ ըլլալով երգեցի։ Մեծ ընդունելութիւն գտաւ ելոյթս եւ սկսայ զարգացնել գաղափարը», կ’ըսէ Սոնա։
Այսօր Հալէպի գրեթէ բոլոր դպրոցներուն ու միութիւններուն երեխաները անհամբեր կը սպասեն Սոնան եւ անոր մշտապէս ընկերակցող Խամաճիկը։ Խամաճիկի անձայն ու խրոհրդաւոր դիմակին ետեւ կանգնած է Սէրլի Գուզուեան, որ իր բեմական շնորհքներով ու հնարքներով կարճ ժամանակի մէջ եղաւ Սոնային անփոխարինելի ընկերը։ «Իններորդ կարգի պետական քննութիւնները նոր աւարտած էի, երբ բարեկամի մը միջոցաւ ծանօթացայ Սոնային հետ։ Տեղեկացայ, որ ան իր մանկական ելոյթին համար պարուսոյցի պէտք ունի։ Առաջին հանդիպումէն իսկ համաձայնեցանք եւ անմիջապէս անցանք փորձերու։ Ելոյթի բոլոր պարերը պատրաստելէ ետք, երբ մօտեցաւ ներկայացման օրը, բացայայտուեցաւ որ ծաղրածուի տիպարի պէտք ունինք։ Անմիջպէս համաձայնեցայ եւ այն օրէն եղայ Սոնային մշտապէս ընկերակցող Խամաճիկ տիպարը», յայտնեց Սէրլի աւելցնելով՝ «Սոնային խումբին իմ մասնակցութիւնս շատ հարուստ փորձառութիւն է ինծի համար, մանաւանդ այդ կանուխ տարիքին։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը տարբեր դպրոցէ եւ տարբեր միջավայրէ եկած էր, բայց բոլորս միասին Սոնային շուրջ ստեղծեցինք մէկ ընտանիք։ Փոքրերու աշխարհը շատ կը սիրեմ, յատկապէս կը սիրեմ մանուկներուն երեւակայութիւնը եւ ինծի ուղղած հարցումները»։
Այս տարուան Մարտ ամիսուն արդէն ամբողջ աշխարհը ահազանգային վիճակի մէջ էր։ Պսակաձեւ ժահրը իր թեւերը փրեց ամէնուրեք, աշխարհի չորս կողմը դպրոցներ, խաղավայրեր ու ակումբներ փակեցին իրենց դռները, իսկ մանուկները ստիպուեցան երկար օրեր ու ժամեր տունը մնալ։ Սոնան ու իր ընկերները չէին կրնար անտարբեր մնալ, պէտք էր հասնիլ մանուկներուն, մտնել իրենց տուները եւ թեթեւցնել առօրեային ծանրութիւնը։ Այսպէս ծնունդ առաւ նոր գաղափար մը՝ «Սոնային Տունը», Ռատիօ Երազին հետ համագործակցաբար։ Ծրագիրը մանկական տեսալսողական ծրագիր է, որուն միջոցաւ ամէն շաբաթ Սոնան ու իր խումբը հանդէս կու գան Ռատիօ Երազի դիմատետրի էջին միջոցաւ, ներկայացնելով ճոխ յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէ երգեր, պարեր, գիտելիքներ, ձեռային աշխատանք ու հեքիաթներ։
«Այս ծրագիրով ունիմ երկու նպատակ, նախ՝ հասնիլ պսակաձեւ ժահրի պատճառով տունը մնացած փոքրիկներուն։ Ընկերային ցանցերուն միջոցաւ աւելի դիւրին է մանուկներուն հետ հաղորդակցիլը։ Անոնք այսպէս իրենք զիրենք Սոնային մօտիկ կը զգան, կրնան մեկնաբանութիւններու տուփիկէն կամ սուրհանդակով (մեսենճըր) իրենց ձայնը հասցնել։ Անոնց համար այլեւս Սոնան ամպերուն մէջ նստած երեւակայական տիպար մը չէ, այլ հասանելի անձ մը, որ իրենց պէս տունը նստած կը փորձէ հաղորդակցիլ աշխարհին հետ։ Երկրորդ նպատակս է հասնիլ աշխարհացրիւ մանուկներուն։ Հալէպի մանուկները զիս շատ լաւ կը ճանչնան ու գիտեն երգերս։ Նախորդ տարիներուն, Ռատիօ Երազին ու Համազգայինի համագործակցութեամբ կրցայ հասնիլ նաեւ Լաթաքիոյ ու Դամասկոսի մանուկներուն, սակայն կան բազմաթիւ մանուկներ, որոնց հետ կը փափաքիմ հաղորդակցիլ։ Յատկապէս վերջին շրջանին Հալէպէն գաղթած ծնողներ ինծի հետ կը նամակակցին, անոնց հիմնական մտահոգութիւնը իրենց զաւակներուն հայկական դպրոցներէն դուրս մնալն է, որուն պատճառով անոնք բաւարար չափով հայերէն, յատկապէս արեւմտահայերէն չեն լսեր իրենց առօրեային մէջ։ Իմ նպատակս է հասնիլ անոնց, հայերէն երգն ու խօսքը անոնց առօրեային անբաժան մէկ մասնիկը ընել», հաստատեց Սոնա։
Ծրագիրը կը պահանջէ հեւքոտ աշխատանք, շաբաթական դրութեամբ պատրաստելու, նկարահանելու եւ համադրելու այսպիսի հարուստ յայտագիր մը։ Այս առումով Սոնան ու կամաւորներու իր խումբը ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն լաւագոյնը ներկայացնելու, հակառակ անոր, որ բոլորն ալ բազմազբաղ են եւ յարմար մասնագիտական փորձը չունին այսպիսի ծրագիրներ պատրաստելու։ Շաբաթական դրութեամբ աշխատակազմը կը հաւաքուի, յաջորդ շաբթուան ծրագիրին յատակագիծը դնելու եւ նախապատրաստական շխատանքները կատարելու։ Այլ օր մը կը տրամադրուի նկարահանութեան, իսկ երկու օրեր եւս՝ համադրումի (մոնթաժ)։ Սոնան ոչ միայն ծրագիրը ներկայացնողը, այլ նաեւ զայն պատրաստողն է, Սէրլին՝ Խամաճիկը, պարերու եւ ձեռային աշխատանքներու պատասխանատուն է, իսկ բեմադրական աշխատանքները, նկարահանումն ու համադրումը կը կատարէ Ռատիօ Երազի անձնակազմէն Յուշիկ Ղազարեան։
«Երգել շատ կը սիրեմ, բայց երբ մանուկներու համար կ’երգեմ, աւելի կ’ոգեւորուիմ, մանաւանդ երբ տեսնեմ անոնց անկեղծ ոգեւորութիւնը եւ անմեղ մասնակցութիւնը», այսպէս կ’արտայայտէ Սոնա իր ամբողջ առաքելութիւնը։
Ամէն Երկուշաբթի ժամը 5։00-ին մանուկներուն հետ հանդիպելու համար Սոնան ու Ռատիօ Երազի աշխատակազմը մեծ ճիգեր կը թափեն. այս առումով Սոնա կ’արտայայտէ իր երախապարտութիւնը՝ «Որքան շնորհակալ եմ բոլոր ինծի օգնողներուն, նախաձեռնութեանս առաջին օրէն իսկ գտայ դրական մօտեցումի տէր մարդիկ, որոնք թեւ թիկունք կանգնեցան ինծի, բայց յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ռատիօ Երազի անձնակազմին ու տնօրէնութեան, որոնք ամէն ճիգ կը թափեն հասցնելու հայ երգն ու երաժշտութիւնը հայ մանուկին՝ ո՛ւր ալ ըլլայ ան»։
Թղթակից