Երբ հաւատաս, թէ կեանքը նուէր է աստուածային՝ կեանքի Տուիչին պիտի պարտիս մատուցել աղօթք երախտագիտական:
Երբ հաւատաս, թէ ներկայութիւնդ պատահական չէ՝ սովորական կեանքդ պիտի վերածես յատուկ առաքելութեան:
Երբ հաւատաս, թէ Տիրոջ քով անկարելի բան չկայ՝ հանելուկներու եւ հանգոյցներու ատեն պիտի չունենաս հարցման նշան:
Երբ հաւատաս, թէ Աստուած անդրադարձի առիթ կու տայ՝ սխալդ սրբագրելը պիտի նկատես վճռական:
Երբ հաւատաս Սուրբ Գիրքին խօսքերուն սրբազան, պիտի ընդառաջես աստուածային կանչին փրկական:
Երբ հաւատաս, թէ Յիսուս Ինքն է ճշմարիտ սիրական՝ պիտի վերապահես իրեն տեղ կեդրոնական:
Երբ հաւատաս երազներու իրականացման՝ պիտի ձգտիս կերտել պայծառ ապագան:
Երբ հաւատաս Տիրոջ դատաստանին՝ պիտի ընդունիս, թէ մարդիկ անդիմակ հոն պիտի ներկայանան:
Երբ հաւատաս Աստուծոյ ժամկէտին ճշգրտութեան՝ պիտի հռչակես սքանչելիքը վերին իմաստութեան:
Երբ հաւատաս Մկրտութեան խորհուրդին օրհնաբեր ներգործութեան՝ պիտի ապրիս Տիրոջ կամքին համապատասխան:
Երբ հաւատաս եկեղեցւոյ ուղիղ դաւանանքին՝ պիտի սնանիս եկեղեցւոյ անխարդախ կաթէն մայրական:
Երբ հաւատաս պարզունակ հոգիով՝ օրերդ կ’ըլլան մանկապարտէզի նման:
Երբ հաւատաս խորքով՝ երկնաւոր հայրդ պիտի պաշտես յաւիտեան:
Երբ հաւատաս աստուածահաճոյ ընթացքով՝ պիտի դիզես հոգեշահ գանձեր, որոնք յաւէտ կը մնան:
Երբ հաւատաս անբիծ վարքով՝ կեանքիդ ընդմէջէն պիտի տարածուի բուրմունքը կրօնասիրութեան:
Երբ հաւատաս հաստատ քայլերով՝ պիտի փարատի հոգեմաշ վախը կորստական:
Երբ հաւատաս հոգիի անմահութեան՝ մահկանացու մարմինին քայքայումը պիտի համարես բնական:
Երբ հաւատաս երկնային լուսեղէն յարկերու գոյութեան՝ հողեղէն տունէն դուրս ելլելը պիտի սեպես սկիզբ փոխադրութեան:
Երբ հաւատաս մեռելներու յարութեան՝ մահուան նկատմամբ պիտի չունենաս սուգ հոգեկործան:
Երբ հաւատաս հրեշտակներու սուրբ պարտականութեան՝ պիտի վայելես անոնց հովանին պաշտպանողական:
Երբ հաւատաս, թէ կարելի է թակել դուռը ողորմութեան՝ պիտի ստանաս քաւութիւն Տէրունական:
Երբ հաւատաս Աստուծոյ խօսքը լսելով եւ գործադրելով՝ պիտի ըլլաս խօսուն օրինակ հնազանդութեան:
Երբ հաւատաս, թէ նոր էջ բանալը առիթ է հաշտութեան՝ պիտի մշակես յարաբերութիւն առանց բարդութեան:
Երբ հաւատաս, թէ Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլը պատուէր է առաքելական՝ պիտի մերժես մեղքի մահաբեր ճամբան:
Երբ հաւատաս, թէ զԱստուած օգնութեան կանչելը կարիք է անմիջական՝ աղօթքներդ կ’ըլլան շարունակական:
Երբ հաւատաս Աստուծոյ խնամքին հայրական՝ օրերդ կ’ապրիս անտխրական:
Երբ հաւատաս, թէ խաչով կը հասնիս յարութեան՝ պիտի տոկաս նեղութեան:
Երբ հաւատաս, թէ մարդ մնալը պայքար է սրբազան՝ պիտի ըլլաս արդարութեան դեսպան:
Երբ հաւատաս, թէ Բարի Նաւապետը գիտէ ուղղել կեանքի նաւակդ՝ Իրմով պիտի հասնիս նաւահանգիստ խաղաղութեան:
Երբ համոզուիս, թէ հաւատքը մտքէ վեր է եւ փիլիսոփայութենէ վեհ՝ պիտի վստահիս Աստուծոյ առաջնորդութեան:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան