«Երկիր».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան 11 Յունիսին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Վրաստանի առողջապահութեան նախարար Եկատէրինէ Տիքարաձէի հետ:
Քննարկուած են բժշկական եւ հակահամաճարակային նախաձեռնութիւններուն առնչուող հարցեր: Առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատուները ներկայացուցած են Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ ստեղծուած համաճարակային իրավիճակը, միտքեր փոխանակած են յառաջացած մարտահրաւէրներուն գծով ազգային մակարդակով ձեռնարկուող նախաձեռնութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ քննարկած են փոխադարձ օգնութեան կարելիութիւնները:
Կարեւոր համարելով երկկողմանի քննարկումները` գործընկերները համաձայնած են ստեղծել փորձառութեան փոխանակման մշտական հարթակ: Այդ առնչութեամբ համաձայնած են առաջին նմանատիպ քննարկումը տեսակապի միջոցաւ իրականացնել` երկու երկիրներու առողջապահութեան նախարարներուն մասնակցութեամբ:
ՀՀ առողջապահութեան նախարարը բարձր գնահատած է Հայաստանի ու Վրաստանի ժողովուրդներուն միջեւ բազմադարեան բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած սերտ գործակցութիւնը:
Կողմերը համաձայնած են հակահամաճարակային հարցերու երկկողմանի քննարկումներ կազմակերպելու շուրջ: