Եւրոպայի մէջ գործող իր բոլոր անդամ-կազմակերպութիւններուն անունով ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը խստիւ կը դատապարտէ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Մարինա Քալիւրանտի, Թրաիան Պասեսքուի եւ Ժելեանա Զովքոյի յայտարարութիւնը Հայաստան-ի եւ Արցախ-ի միջեւ նոր մայրուղիի շինարարութեան մասին :

Դժբախտաբար, այսպիսի յայտարարութիւնները ոչ միայն վնասակար են խաղաղութեան գործընթացին համար, այլեւ մարդու հիմնարար իրաւունքները կը խախտեն, տուեալ պարագային` Արցախի ժողովուրդին ազատ տեղաշարժման եւ զարգացման իրաւունքը: Այս իրաւունքները անքակտելի են եւ ոչ մէկ ձեւով երկրի կարգավիճակով պայմանաւորուած չեն: Այսպիսով այս յայտարարութիւնը վնաս կը հասցնէ Եւրոպական Խորհրդարանի արժանահաւատութեան որպէս ժողովրդավարութեան պաշտպան :
Սոյն յայտարարութեան հեղինակները իրենց «Աներեր Աջակցութիւն»ը կը յայտնեն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին եւ հետեւաբար նաեւ անոր հիմնարար սկզբունքներուն: Որքանո՞վ տրանաբանական է յայտարարել այս մասին եւ յաջորդ նախադասութեան մէջ պնդել, որ հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակէն ներս:
Իւրաքանչիւրին համար, որ նոյնիսկ մակերեսօրէն ծանօթ է բանակցային գործընթացին, պարզ է, որ այս յայտարարութեան էութիւնը, փաստօրէն, կը խաթարէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին գործադրած ջանքները եւ այն ամէնը, որուն շուրջ մինչեւ այսօր համաձայնութիւն ձեռք բերուած է :
Անկախ անկէ, թէ ան նպատակաուղղուած կատարուած է, թէ ոչ, ներքուստ իրարամերժ այս յայտարարութիւնը, ցաւօք, բառացիօրէն կ’արտացէ Ատրպէյճանի պաշտօնական քաղաքականութիւնը՝ լիովին մեկուսացնել Արցախի բնակչութիւնը: Դժբախտաբար, այս յայտարարութիւնը նաեւ կը խրախուսէ վարչակազմի ռազմատենչ եւ ատելութեան հռետորաբանութիւնը, որ յայտնի է խօսքի ազատութեան նկատմամբ բռնութեամբ, յառուցանող, եւ լայնալածալ փտածութեան ձեւաչափով (Ատրպէյճանական լուացքատուն), ինչպէս նաեւ ժամանակակից ստրկութիւն խրախուսելով : Այս ամէնը պարբերաբար կը յայտնուի հետաքննող լրագրութեան յայտնի հարթակներու ուշադրութեան կեդրոնը :
Որպէս Եւրոպայի քաղաքացիներ մենք վստահ ենք, որ Եւրոմիութիւնը արժէքներու վրայ հիմնած միութիւն է: Մենք կը հաւատանք, որ Եւրոպական խորհրդարանի անդամները, հիմնական քաղաքական խմակցութիւններէն, ինչպիսիք են ԵԺԿ-ն եւ ՍԴԱԱ-ն, պատասխանատու են եւ այդ արժէքները պահպանելու բարոյական պարտաւորութիւն ունին:
Հետեւաբար, մենք կոչ կ’ուղղենք այս յայտարարութեան հեղինակներուն հեռու մնալ ճնշման հռետորաբանութենէն, բնիկ ազգաբնակչութեան մեկուսացումը խրախուսելէն եւ փոխարէնը բարձրաձայնել այն փաստը, որ Արցախի ժողովուրդը ներկայիս ստիպուած է համաշխարհային համաճարակը միայնակ յաղթահարել:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակ