Երբեմն կարեւոր յարաբերութիւններու մասին երկար ուսումնասիրութիւններէն աւելի դիպուկ են կարճ խօսքերը: Այդ խօսքերը քանի մը տողով խորունկ իմաստ կը հաղորդեն ընթերցողին: 
Ահաւասիկ այդպիսի փունջ մը.
ՍԻՐՈՅ ՄԱՍԻՆ
-Ի՞նչ է «Ինծի հաճելի կը թուի» եւ «Կը սիրեմ» արտայայտութիւններուն տարբերութիւնը:
-Եթէ ծաղիկը քեզի հաճելի կամ բուրումնաւէտ թուի, կը քաղես զայն: Սակայն, եթէ կը սիրես ծաղիկը, կը գուրգուրաս, ամէն օր կը ջրես ու կը փայփայես զայն:
ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Իմաստուն մարդու մը կը  հարցնեն.
-Ընկերներու քանի՞ տեսակ գոյութիւն ունի:
-4 տեսակ, – կը պատասխանէ ան: – Կան ընկերներ, որոնք սնունդի պէս են. անոնց կարիքը կը զգաս ամէն օր:
Կան ընկերներ, որոնք դեղի պէս են. կը փնտռես զիրենք, երբ անտրամադիր ես:
Կան ընկերներ, որոնք հիւանդութեան պէս են.անոնք յաճախ քեզ կը փնտռեն, ոչ թէ հակառակը:
Բայց կան նաեւ ընկերներ, որոնք օդի պէս են. անոնք անտեսանելի են, բայց միշտ քեզի հետ են:
ԹԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Մարդ մը շատ կը հպարտանար իր գեղեցիկ մարգագետինով: Բայց օրին մէկը ան տեսաւ, որ մոլախոտեր ալ աճած են այնտեղ: Ան փորձեց ամէն ձեուվ հեռացնել մոլախոտերը, սակայն՝ ապարդիւն. մոլախոտերը սկսան  աւելի մեծ թափով աճիլ:
Ան յուսահատած նամակ գրեց գիւղապետին՝ թուելով մոլախոտին դէմ պայքարի իր իմացած բոլոր ձեւերը, իսկ նամակը աւարտեց հետեւեալ խօսքերով. «Ես փորձեցի ծանօթ բոլոր միջոցները օգտագործել, խնդրեմ ըսէք՝ ի՛նչ ընեմ»: Ան շուտով ստացաւ իր նամակին պատասխանը. «Փորձեցէք սիրել մոլախոտերը…»:
ԻՆՉՈ՞Վ ԼԵՑՈՒՆ Է ՄԱՐԴՈՒ ՀՈԳԻՆ
Խումբ մը մարդիկ դիտմամբ բարձրաձայն կը քննադատէին մէկը, որ այդ պահուն կ’անցնէր իրենց թաղամասէն: Անցորդը ամէն ինչ լսեց, սակայն ժպտաց ու բարի օր մաղթեց այդ մարդոց: Անոնցմէ մէկը մօտեցաւ այդ մարդուն եւ հարցուց.
– Դուք կը ժպտաք ու մարդոց բարի օր կը մաղթէք, երբ անոնք կը բամբասեն ձեզ: Միթէ՞ չէք բարկանար:
– Երբ ես շուկայ կ’երթամ, չեմ կրնար ծախսել այն, ինչ գոյութիւն չունի իմ դրամապանակին մէջ,- կ’ըսէ մարդը: – Այդպես է նաեւ մարդոց հետ յարաբերութեան մէջ. ես կրնամ «ծախսել» միայն այն, ինչով լեցուն է հոգիս: