Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ռասուլ Մաարա աւանին մէջ յայտնուած են պսակաձեւ ժահրով վարակուած 7 նոր պարագաներ, որոնք նախապէս վարակուածներու հետ շփում ունեցած մարդիկ են։ Բուժուած են 3 վարակուածներ։ Այսպիսով՝ Սուրիոյ մէջ վարակուածներուն ընդհ. թիւը հասած է 177-ի, բուժուածներունը՝ 74-ի, իսկ մահացածներունը՝ 6-ի: