Սուրիական վաւերագրումի կեդրոնը (Syrian Documentation Center) կը յայտնէ, որ Կիրակի, 14 Յունիս 2020-ին Լիբանանի մաքսատունը պաշտօնական յայտարարութիւն տարածած է հրկիզման ենթարկուած Սուրիա ուղղուող բեռնատար մեքենաներուն մասին։
«Մեքենաները կը փոխադրէին սննդամթերք եւ մարդասիրական օգնութիւն ի շահ ՄԱԿ-ի եւ Միջազգային Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան, իբր միջազգային սնունդի ծրագիրին մէկ իրագործումը։ Սննդամթերքն ու այլ օգնութիւնները հասած են Պէյրութի նաւահանգիստ, դէպի Սուրիա ուղղուելու համար», յայտնած է մաքսատան տնօրէնութիւնը աւելցնելով՝ «Նիւթերը փոխադրող բեռնատար մեքենաները կը պատկանին Լիբանանէն ներս արտօնագիր ստացած ընկերութեան մը։ Անոնք այս պարտականութիւնը կը կատարեն շաբաթական հերթականութեամբ, սուրիական տագնապին սկիզբէն ի վեր»։
Տնօրէնութիւնը հաստատած է. «Սուրիական բեռնատարները Լիբանան մտած են օրինական միջոցներով եւ Պէյրութի նաւահանգիստէն բուսական ձէթ կը փոխադրէին»։
«Բեռնատար մեքենաներուն ընթացքը ընդհատուած է Թրիփոլիի մէջ, ուր յարձակում կատարուած է բեռնատարներուն վրայ, որոնք տագնապի մէջ գտնուող Սուրիոյ ընտանիքներուն սննդամթերք եւ մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի հասցնէին», ըսուած է ՄԱԿ-ի սննդառութեան ծրագիրի գրասնեակի յայտարարութեան մէջ։
Վերջերս ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած են նկարներ եւ տեսանիւթեր, որոնք կը ներկայացնեն Թրիփոլիի մէջ ցուցարարներու բիրտ եւ խափանարար արարքները սուրիական բեռնատարներու դէմ, պատրուակ ներկայացնելով, որ իբրեւ թէ անոնք շաքար կը մաքսանենգեն դէպի Սուրիա։