«Էրմէնիհապեր».-Գերմանիոյ Պաւարիա նահանգի միակ թուրք պատգամաւոր Արիֆ Թաշտելէն երկրի արտաքին գործոց նախարար Հէիքոյ Մասին նամակ ուղղած է:Ան կոչ ուղղած է զբօսաշրջիկներուն ուղղուած հաղորդագրութեան վերանայելու եւ Թուրքիա մեկնելու արգելքը չեղեալ համարելու:
Յիշենք, որ աւելի ուշ Գերմանիա պսակաձեւ ժահրի համավարակին պատճառով որոշած էր Եւրոմիութեան անդամ չհանդիսացող երկիրներ մեկնելու արգելքը երկարաձգել մինչեւ 31 Օգոստոս 2020:
Արիֆ Թաշտելէն իր նամակին մէջ պնդած է, որ Թուրքիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը շատ աւելի քիչ է, քան Գերմանիոյ վարակուողներունը, հետեւաբար զբօսաշրջիկներուն ուղղուած զգուշացումն ու շրջագայութեան արգելքի երկարացումը տրամաբանական չեն:
Թուրք պատգամաւորը ընդգծած է նաեւ, որ նման նախաձեռնութիւններ ազդեցութիւն կ’ունենան ոչ միայն Գերմանիոյ զբօսաշրջութեան ոլորտին վրայ, այլեւ Գերմանիոյ մէջ ապրող մօտաւորապէս 3 միլիոն թուրքերուն, որոնք Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ հարազատներ ունին եւ գոնէ տարին մէկ անգամ անոնց այցելելու կարելիութիւն պիտի ունենան: