«ՊՈԱԿ».-16 Յունիսին Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութիւն իրականցնող խումբի հերթափոխութիւնը տեղի ունեցաւ:
Ականազերծողներէն եւ բժիշկներէն բաղկացած հերթական խումբը, ռուս գործընկերներու աջակցութեամբ մեկնեցան Հալէպ եւ մինչեւ Հոկտեմբեր պիտի իրականացնեն իրենց առաքելութիւնը: Համաձայն հակաականային գործողութիւններու միջազգային չափորոշիչներուն 5-րդ խումբի ականազերծները, անցնելով ուսումնական նախավարժանք, պիտի սկսին դաշտային աշխատանքները:
իսկ Մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող 4-րդ խումբի ականազերծողներն ու բժիշկները, Սուրիոյ մէջ իրենց կատարած COVID-19-ի քննութենէն բացասական պատասխան ստացած են եւ վերադարձած Հայաստան, համաձայն Պարէտի որոշման` 14 օր ինքնամեկուսացման ենթարկուելով: