Չորեքշաբթի, 17 Յունիս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի ՄԱԿ-ի Սուրիոյ շուրջ գումարուած առցանց նիստի մը ընթացքին յայտնեց, որ արեւմտեան պետութիւններուն կողմէ Սուրիոյ դէմ պարտադրուած տնտեսական միակողմանի պատժամիջոցները ահաբեկչութեան մէկայլ տարբերակը կը համարուին: Այդ պատժամիջոցները կը սպառնան Սուրիոյ ժողովուրդին, յատկապէս անոր կենցաղային վիճակին: Ճաաֆարի աւելցնելով ըսաւ, որ Սուրիոյ ժողովուրդին եկամուտը, դեղորայքը եւ սնունդը թիրախ դարձնելը, անոր կեանքին սպառնալը եւ պետական հաստատութիւններուն գործընթացը խոչընդոտելը կը հերքեն արեւմուտքի մարդկային արժէքներու նախանձախնդիր ըլլալու հաւակնութիւնը:
Ճաաֆարի յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի վարչակազմին եւ Եւրոպական Միութեան որոշումները չեն համապատասխաներ ՄԱԿ-ի  այն կոչերուն, որոնք կը շեշտեն Սուրիոյ դէմ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն կասեցման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս ԱՄՆ-ի պարտադրած «Կայսեր Օրէնք»ը, որ կը մարմնաւորէ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան անտարբեր կեցուածքը ողջ մարդկութեան հանդէպ եւ  զօրաւոր քայլ կը համարուի ամերիկեան օրէնքները ողջ աշխարհին պարտադրելու գծով: Ճաաֆարի հաստատեց, որ նախորդ շաբաթ, Սուրիան պաշտօնական բողոք ներկայացուց ՄԱԿ-ի քարտուղարին եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նախագահին ՄԱԿ-ի կարգ մը անդամ պետութիւններուն, գլխաւորաբար ԱՄՆ-ի, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ դէմ, որոնք չբաւարարուեցան անցեալ 9 տարիներուն ընթացքին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները ֆինանսաւորելով, զէնք ու զինամթերք տրամադրելով անոնց: Այժմ այդ երկիրները Սուրիան քանդելու ծրագիր կը մշակեն:
«Երբ ԱՄՆ բացայայտօրէն կը յայտարարէ, որ օրական սուրիական քարիւղի հանքերէն 200.000 տակառ քարիւղ եւ 400.000 բամպակ կը գողնայ, հազարաւոր հեքթար ցորենի դաշտեր կ’այրէ, կը հպարտանայ «Սուրիան քայքայելով», սուրիական լիրան արժեզրկելու համար ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, տնտեսական ապօրինի պատժամիջոցներ կը պարտադրէ ժողովուրդին դէմ եւ սուրիական հողեր կը գրաւէ, միեւնոյն ատեն պաշտպան կը հանդիսանայ սուրիական հողատարածքներ գրաւող իր թուրք դաշնակիցին, հարց կու տանք, թէ ի՞նչ բանի կարելի է վերագրել այս քաղաքականութիւնը: Արդեօ՞ք այս բոլորը քաղաքական թուլութեան կամ հիւանդագին իրավիճակի ախտանշաններ չեն: Արդեօ՞ք սա ահաբեկչութեան մէկ այլ դրսեւորումը չէ», եզրափակեց ճաաֆարի: