ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻ ՍԿԻԶԲ
«Դրօշակ» տարիներու ընթացքին, թէեւ գոյատեւած է կարգ մը ընդհատումներով, վերանուանումներով, խմբագիրներու եւ խմբագրակազմերու փոփոխութիւններով, տեսքով, ձեւաչափով, սակայն մի՛շտ ալ յատկանշուած է գաղափարականութեամբ եւ սկզբունքայնութեան անկոտրում կեցուածքով: Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի եւ մարտահրաւէրի համար անկասկած յայտնուած են զայն դիմագրաւելու ատակ մարդիկ: Բարեբախտաբար, պարբերականը բոլոր առումներով պահպանած է իր ինքնութիւնը եւ միշտ նորոգուելով՝ բերած է նոր շունչ եւ աւիւն՝ մի՛շտ անշեղ խորքով, ուղղած ու ցուցմունքներ տուած է այն մարտահրաւէրներու շուրջ, որոնք ցցուած են հայ ժողովուրդին դիմաց: Այստեղ կը շեշտադրուի, որ դաշնակցական պաշտօնաթերթի ըմբռնումն ու ուղղուածութիւնը իր իսկ հանգամանքէն բխող պարտաւորութիւններու դիմաց կը դնեն զինք:
«Դրօշակ»ի մօտաւորապէս 130-ամեայ ճանապարհորդութիւնը դիւրին չէ եղած երբեք. զինեալ ազատագրական պայքար, հերոսամարտեր, Հայոց Ցեղասպանութիւն, գաղթ, շրջանային տագնապներ, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտում, ազգային վերիվայրումներ, ազգային ինքնութեան պահպանութեան մարտահրաւէրներ, Արցախի Հանրապետութեան կերտում, տնտեսական թէ մարդուժի դժուարութիւններ եւ այլն: Այդ բոլորը մաս կազմած են պաշտօնաթերթին տարեգրութեան. «Դրօշակ» անցած է այդ բոլորին բովէն եւ, բնականաբար, ազդուած այդ բոլորէն:
Միւս կողմէ, կուսակցական պաշտօնաթերթ ըլլալու հանգամանքը չէ խանգարած, որ «Դրօշակ»ը դառնայ նաեւ հասարակական լայն զանգուածներու կողմէ փնտռուած եւ համակրանք վայելող թերթ մը: Անոր ազգային ուղղութիւնը եղած է առողջ, ազգային բոլոր տեսակի հիմնահարցերը ներկայացուցած, գաղափարական եւ քաղաքական սնունդ սերմանած է, ինչպէս նաեւ կուսակցական մամուլին շուրջ գաղափարա-քաղաքական բեմահարթակը հանդիսանալով՝ իրազեկ դարձուցած է բոլոր այն հայորդիները, որոնք մտահոգուած են ազգին Դատով:
«Դրօշակ»ին շուրջ համախմբուած իւրաքանչիւր կուսակցական շարքային կամ անհատ համակիր իր գաղափարապաշտութեամբ թէ տեսլականով, միտքով թէ գրիչով, աշխատակցութեամբ թէ քսակով կերտած է այս թերթին հարուստ պատմութիւնը:
Ինչպէս որ 1891-2020 թուականներուն «Դրօշակ»ի դէմ ցցուող ամէն տեսակի մարտահրաւէրները յաղթահարուած են, այսօր եւս դիմագրաւելու հաստատակամութիւնը շեշտուած է կրկնակիօրէն: Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է կարելին եւ անկարելին ընել՝ թերթը ժամանակակից տեղեկատուական նոր արհեստագիտութեան եւ համացանցային դարու պահանջներուն պատշաճեցնելու համար:
Այսօր արհեստագիտութեան ժամանակն է: Նոր ժամանակներուն յարմարելու համար խիստ կարեւոր է օգտագործել ընձեռուած բոլոր կարելիութիւնները:
Օգտուելով արհեստագիտութեան բարիքներէն՝ «Դրօշակ» 130-ամեակի սեմին իր ելեկտրոնային տարբերակով ու կայքով մուտք կը գործէ հայկական կեդրոններ, հայորդիի տուն թէ գրասենեակ՝ հայ ազգային, գաղափարական, քաղաքական, ազատագրական պայքարի միտքն ու լուրը հասցնելու անոնց:
Պէտք է գուրգուրալ «Դրօշակ»ին վրայ, բեմահարթակներու վրայ զայն յիշատակելը բաւարար չէ, այլ մտաւորական եւ նիւթաբարոյական գերզօրակցութիւնը, ամուր պահպանելը, որպէսզի մնայ միշտ իր բարձունքին վրայ, որուն արժանի է: Պէտք է ընթերցողի լայն զանգուած պատրաստել ու տարածել նաեւ:
Միւս կողմէ, մեծ նուիրագործում է գաղափարապաշտ մտաւորական փաղանգի մէկտեղումն ու անոր նուիրական ծառայութիւնը, որպէսզի նոյն այդ շրջանակը նոյն յանձնառու ոգիով շարունակէ ապահովել թերթին յաղթական ընթացքը, անոր ուղեգիծը եւ ազգանուէր առաքելութիւնը: Այս տեսիլքով եւ վճռակամութեամբ է, որ անհրաժեշտ է միասին քալել դէպի աւելի եւս փայլուն ապագայ:
Գաղափարական միտքի արծարծումն ու զարգացումը կը համարուի գլխաւորը, որ պէտք է արտացոլայ «Դրօշակ»ի էջերուն մէջ: Ան կը դաստիարակէ մեզ եւ ուրեմն կը մնա՛յ, կը գոյատեւէ նոյնքան ուժական, նոյնքան կենդանի, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ շատ պարզ, շատ էական եւ յաւերժական իմաստասիրութիւնը հայկական յեղափոխութեան:
Այստեղ, «Դրօշակ»ի վեցերորդ ժամանակաշրջանի առաջին թիւին լոյսընծայման առիթով եւ հիմնադրութեան 130-ամեակի սեմին կանգնած, պարտաւոր ենք գնահատելու նախ բոլոր խմբագիրներն ու խմբագրական կազմերը անխտիր, քանի որ այս յաջողութեան իսկական բանալին անոնք են, ապա՝ այն բոլոր նուիրեալները, որոնք գաղափարի սիրոյն ծաւալեցին գաղափարական միտքը եւ իրենց գրիչը շարժեցին դժուարին պայմաններու մէջ:
Վերջապէս, «Դրօշակ»ը ՀՅԴ գաղափարաբանութեան դրօշակն է, որ միշտ պէտք է ծածանի մամուլի ընտանիքին մէջ եւ տարբեր բեմահարթակներու վրայ, եւ կարելի չէ վար առնել, կանգ առնել կամ անգամ մը եւս դադրիլ, ինչ ալ ըլլան անոր պայմանները, քանի որ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ն ալ կը համարուի կուսակցութեան խորհրդանիշներէն մէկը:
«Դրօշակ»ի լոյսընծայումը խիստ կարեւոր ու հպարտալի երեւոյթ է: Արդար է մեր ուրախութիւնը, եւ տեղին է մեր հպարտութիւնը: Քանի որ «Դրօշակ»ը իր 130 տարիներու ընթացքին եղած է ՀՅ Դաշնակցութեան վաւերագիրը՝ գրաւոր յուշարձանը:
Աւօ Գաթրճեան
«Դրօշակ», թիւ 6 (1640), Յունիս, 2020 թ.
(Շար.2 եւ վերջ)