Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը հիմնուած է քանի մը նպատակներով, նախ առիթ ընծայելու հայագիտական նիւթերու նկատմամբ հետաքրքրութիւն ունեցող ուսանողներուն՝ իրենց ուսումը շարունակելու, ապա պատրաստելու գաղութի ուսումնական հաստատութիւններուն ծառայող հայերէնաւանդ ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ ատակ մարդուժ, որ գիտելիքներով օժտուած, արեւմտահայերէնին տիրապետած ըլլալով ներդրում պիտի բերէ գաղութիս միութիւններուն եւ ազգային-հասարակական կեանքին ընդհանրապէս։
Հիմնարկը շարունակեց իր առաքելութիւնը 24 տարի շարունակ, ո՛չ պատերազմը, ո՛չ տնտեսական դժուարութիւնները, ոչ ալ դասախօսներու նկատառելի համեմատութեան արտագաղթը կասեցուցին անոր երթը: Նման հիմնարկի մը պահպանումը էական էր լեզու եւ մշակոյթ պահպանելու համար, որքան որ էական են օդն ու ջուրը իր կեանքի բնականոն եւ առողջ ընթացքը պահելու համար նկրտող իւրաքանչիւր արարածի համար:
Հիմնարկը ունեցաւ դժուարութիւններ, հեզասահ չընթացաւ իր երթը, բայց անխափան մնաց եւ դասախօսներն ու ուսանողները, տնօրէնութեան եւ վարչական կազմերուն հետ ձեռք-ձեռքի շարունակեցին կենսունակ պահել զայն: Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնն ալ ամէն միջոցի դիմեց անհրաժեշտ կարիքները ապահովելու այս հիմնարկին, յատկապէս ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ:
Արդարեւ, Հիմնարկի 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի եզրափակիչ հաւաքը տեղի ունեցաւ 13 Յունիս 2020-ին, «Լ.Շանթ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Հիմնարկի ողջ ընտանիքին՝ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Միաւորի Վարչութեան, Տնօրէնութեան, դասախօսներուն եւ ուսանողներուն:
Հիմնարկի Միաւորի Վարչութեան ատենապետ Յովիկ Ղազարեան ողջունեց ներկաները: Ան անդրադարձաւ հիմնարկի առաքելութեան եւ նպատակաուղղուածութեան հալէպահայ գաղութէն ներս:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Պերճ Պօղիկեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն հիմնարկը Միջին Արեւելքի մէջ  մարդուժի պատրաստութեան  եւ արեւմտահայերէնի մասնագիտական ուսուցման միակ վայրն է, ուստի պէտք է գուրգուրալ անոր վրայ եւ քարոզչութենէն անդին գիտակցիլ անոր կարեւոր դերակատարութեան: Պօղիկեան յայտնեց, որ պէտք է ամէն գնով տէր կանգնիլ այսպիսի կառոյցներու եւ ձգտիլ անոնց առաքելութեան ի կատար ածման, ապահովելով ամէն կարելիութիւն, բոլորին հետ մեր գործակցութեան ոգին բարձր պահելով:
Հիմնարկի տնօրէնուհին Սիլվա Ճապաղջուրեան անդրադարձաւ հաստատութեան դրական մթնոլորտին, դիտել տալով որ այստեղ կը հնչէ հայերէնը գիրքերու, ուսումնասիրութիւններու, դասապահերու ընդմէջէն: Ան իր քաջալերական յորդորներով եւ խրատներով խրախուսեց ուսանողները, որպէսզի յառաջիկայ օրերուն ամավերջի քննութիւններուն լաւապէս պատրաստուած ներկայանան:
Ապա խօսքի առիթ տրուեցաւ ուսանողներուն: Անոնք ներկայացուցին Հիմնարկ յաճախելու իրենց նպատակն ու ապագայ հեռանկարները, ինչպէս նաեւ առաջարկներ տուին:
Այնուհետեւ Հիմնարկի  դասախօսները իրենց դիտարկումներով եւ գործնական առաջարկներով ուսանողութեան յառաջընթացին նպաստող միջոցներ սահմանեցին:
Հաւաքի աւարտին ուսանողներուն տրամադրուեցաւ 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանը արժեւորող հարցախոյզ մը, որուն միջոցաւ իրենց կարելիութիւն ընծայուեցաւ գալիք տարեշրջանին բարելաւման համար առաջարկներ եւ քննարկումներ արձանագրելու:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան