Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան ղեկավարած է իր աշխատակազմի խորհրդատուական մարմնին` մօտ հինգ ժամ տեւած հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարող քաղաքացիական աշխատակիցներուն դէմ ճնշումներ կազմակերպելու հարցը: Այսպիսով ան թիրախաւորած է եւ փորձած է ահաբեկել ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերը, որոնք ամբողջ աշխարհին մէջ տասնամեակներ շարունակ արդիւնաւէտ կերպով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար կը պայքարին ` օգտագործելով քաղաքացիական աշխատունակութեան գործիքակազմը:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` դիմելով Եւրոպական կառոյցներուն, Եւրոպական Խորհրդարանին, Եւրոպական Միութեան Խորհուրդին, Եւրոպական Յանձնաժողովին, Եւրոպայի Խորհուրդին, եւ կոչ ուղղած է որոշակի քայլեր ձեռնարկել թրքական իշխանութիւններուն կողմէն Հայ Դատի աշխատակիցներուն ուղղուած այլատեաց քաղաքականութեան դէմ:
Այս առնչութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Այս հանդիպումը, փաստօրէն, Էրտողանի` այս տարուան Մայիս ամսուան կատարած յայտարարութեան տրամաբանական շարունակութիւնն է, երբ ան սպառնաց պայքարիլ «Հայկական լոպպինկի» դէմ, որ կ’ընդգրկէ ամբողջ աշխարհի մէջ գործող Հայ Դատի Յանձնախումբերը: Այս կ’ապացուցէ, որ, ցաւօք, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ հայերուն դէմ ատելութեան սերմանումը Թուրքիոյ պետական քաղաքականութիւնն է:
«Այժմ Էրտողանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս եւ բացայայտ կերպով ամբողջ աշխարհի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքար մղողներուն դէմ կ’որոշէ ընդունիլ ահաբեկման պետական քաղաքականութիւն վարել: Սակայն թրքական իշխանութիւնները պէտք է արդէն հասկցած ըլլային, որ Հայ Դատի աշխատակիցներուն դէմ ահաբեկումը ինչպէս չէ բանած նախապէս, ապագային ալ պիտի չբանի: Ընդհակառակը, նոյնիսկ ազդակ է` աւելի աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելու եւ յանուն արդարութեան հաստատման մեր ուժերը աւելի միաւորելու: Այս հանդիպումը, սակայն, անգամ մը եւս ցոյց տուաւ Էրտողանի կառավարութեան իրական դէմքը եւ ինչ քայլերու ընդունակ է:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը, ինչպէս նաեւ հատուցումները համընդհանուր արդարութեան հաստատման հարց են: Թուրքիան ստիպուած է իր անցեալին հետ առերեսուիլ: Թուրքիայէն այս է, որ կը պահանջուի աշխարհի տասնեակ երկիրներու խորհրդարանները, նաեւ Եւրոպական խորհրդարանը», ամփոփեց Կարապետեան:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակ