Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան մեկնաբանած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի բարձրագոյն խորհրդատուական մարմնին նիստը, պատասխանելով 365News-ի հետեւեալ հարցումին.
Հ- Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի բարձրագոյն խորհրդատուական մարմինը նիստ մը գումարած է նախագահ Ռ․ թ․ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, որուն ընթացքին, ըստ տարածուած տեղեկատուութեան, «Քննարկուած են այն գործողութիւնները, որոնք պէտք է իրականանան ընդդէմ «1915-ի դէպքերուն Թուրքիոյ դէմ անհիմն պնդումներուն»: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս յայտարարութիւնը։
Պ- Թուրքիոյ նախագահին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան արդարացման եւ հայ նահատակները վիրաւորելու յայտարարութիւնները նորութիւն չեն եւ կը հանդիսանան ատելութեան խօսքի դրսեւորումներ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կ’ունենան այդ երկրէն ներս հայերուն հանդէպ այլատեացութեան մթնոլորտի պահպանման եւ ամրապնդման վրայ:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հարցը հայ-թրքական հարց չէ. Թուրքիոյ եւ միջազգային հանրութեան հարցն է: Զայն կը վկայեն այս կամ այն երկրին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին Թուրքիոյ բազմաթիւ յայտարարութիւնները եւ գործողութիւնները:
Մեզ եւ միջազգային հանրութեան համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրողութիւն է, որ նաեւ հիմք կը ծառայէ Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ կանխարգիլման 1948-ի համաձայնութեան մշակման եւ անոր հիման վրայ ներկայ ցեղասպանութիւններուն եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններիու կանխարգիլման ձեւաչափերու ներդրման համար:
Ժխտողականութիւնը ապագայ չունի, անկախ թէ ով եւ ինչպէս կը փաթեթաւորէ զայն։ Որքան ալ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ճշմարտութիւնը ճնշելու ջանքեր գործադրեն, ամէն պարագայի ճշմարտութիւնը հարթած է եւ պիտի հարթէ իր ճանապարհը: