Հինգշաբթի, 18 Յունիս 2020-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստանի կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ մասնաւորաբար Լիբանանի հայութեան առնչուած հարցեր: