“Էրմէնիհապեր”.- Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի բարձրագոյն խորհրդատուական մարմինը նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ ժողով մը գումարած է։ Նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն 5 ժամ տեւած դռնփակ խորհրդակցութեան մասին յայտարարութիւն տարածած է։ Ալթուն յայտնած է, որ խորհրդակցութեան ընթացքին «1915-ի դէպքերուն մասին Թուրքիոյ հանդէպ ներկայացուած պնդումներուն» ընդդէմ իրականացուելիք գործողութիւնները քննարկուած են։

Ալթուն յատկապէս ըսած է.

«Ժողովին քննարկուած են այն համապարփակ քայլերը, որոնք կրնան կանխել ջանքերը հայկական լոպպիին, որ Թուրքիոյ եւ մեր ազգը սեւցնելու համար 1915-ի դէպքերը որպէս գործիք կ’օգտագործէ, ինչպէս նաեւ այս հարցը քաղաքական նպատակով շահարկող երկիրներուն իրականութեան հետ կապ չունեցող պնդումներուն վրայ հիմնուած քարոզչութիւնը։ Քննարկուած են նախագիծեր եւ գործողութիւններ, որոնք հարցը պատմական եւ իրաւական փաստերով թրքական եւ միջազգային հանրութեան կրնան ներկայացնել»։

Յայտարարութեան մէջ յիշուած է, որ նախագահին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած ժողովին մասնակցած են խորհուրդի անդամներ Իսմայիլ Քահրաման, Պիւլենթ Արընճ, Ճեմիլ Չիչէք, Քէօքսալ Թոփթան, Մեհմեթ Ալի Շահին, Եըլտըրըմ Աքպուլութ, նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մեթին Քըրաթլըն եւ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն։