Աղօթքդ թող ըլլայ խնկաբոյր պաշտամունք,  այն ատեն սրտիդ մէջ պիտի դրոշմուի Տիրոջ երկիւղը անջնջելիօրէն:
Աղօթք մատուցէ դասեր քաղելով սուրբերու կեանքէն, որպէսզի կոչուիս լոյսի որդի արդարօրէն:
Աղօթքի ատեն ներշնչուիր Ձիթենեաց լեռնէն, այդպիսով կ’անջատուիս աշխարհի աղմուկէն:
Աղօթելու ջերմ փափաք խնդրէ երկնաւոր Հայրէն, եւ պիտի տայ քեզի աղօթաշունչ հոգի՝ Իր շնորհքի ծովէն:
Աղօթքի պահերուն սքանչացիր Թափօր լերան վիճակէն, որպէսզի օրհնուիս հաւաքական աղօթքէն:
Աղօթքի ժամուն ըմպէ Գեթսեմանի պարտէզի դառն բաժակէն, որպէսզի քալես խաչի յաղթաբեր ճանապարհէն:
Աղօթքի ատեն քաջալերուիր Ծաղկազարդի պատկերէն, որպէսզի հրճուիս տօնելի մթնոլորտէն:
Աղօթքիդ բառերը թող արտաբերուին «Կամքիդ բուրվառէն», որպէսզի անձրեւաբեր բարիքներ տեղան երկինքէն:
Աղօթքի նիւթեր ունեցիր Սուրբ Գիրքէն, այն ատեն կը խուսափիս դատարկ խօսքերէն:
Աղօթքի կեանքին ազդեցութիւնները տես հաւատքի ախոյեաններու երթէն, այն ատեն խոյս պիտի տաս հոգեքանդ կիրքերէն:
Աղօթքի ժամանակ յիշէ թէ հրաժարեցար մեղքէն, որպէսզի բուռն կերպով պայքարիս չարին ընդդէմ:
Աղօթքիդ մէջ ճանչցիր զԱստուած մօտէն, որ ականջ չտաս կեղծ խօսքերուն, որոնք կու գան աջէն ու ձախէն:
Աղօթքի վայելուչ վարմունք ընդօրինակէ սաղմոսագիր Դաւիթէն, որպէսզի անվախ անցնիս «Մահուան շուքի ձորէն»:
Զղջումնալից աղօթքի խորհուրդ ընկալէ Մաքսաւորին խօսքերէն, այն ատեն պիտի ազատիս հպարտութեան թակարդներէն:
Աղօթքի Տէրունական ձեւին հետեւիր «Հայր Մեր»ին ընդմէջէն, որպէսզի աղօթքդ տարբեր ըլլայ աշխարհիկ խնդրանքէն:
Երբ աղօթես սրտի խորերէն, մասունք մը առած կ’ըլլաս Ս. Նարեկացիի մատեանէն:
Երբ կ’աղօթես հայերէն, Ս. Մեսրոպի ձայնը կ’արձագանգէ ոսկեդարէն:
Աղօթքիդ սահմանը ընդարձակէ յաճախակիօրէն, փորձառութիւն պիտի շահիս հաւատքի բարի պատերազմէն:
Աղօթքի ատեն երբ ըսես «Ամէն», բարին ակնկալէ Աստուծոյ կամքէն:
Աղօթքի ատեն երբ կը դիմես յոգնած՝ չար աշխարհէն, վստահ եղիր թէ Յիսուս կու տայ հանգիստ, վիշտերուդ փոխարէն:
Աղօթքի ատեն երբ կը նախնտրես լռել, քան՝ խօսք մը ըսելէն: Լաւ իմացիր թէ Տէրը տեղեակ է մարդուս ներքին ծալքերէն:
Երբ հեռանաս աղօթքի կեանքէն, պիտի տապալիս չարին յարձակումներէն:
Երբ աղօթես նախասիրելով երկինք տանող հասցէն, պիտի ճաշակես անմահական հացէն:
Երբ խնդրես մտքի պայծառութիւն Սուրբ Հոգիէն, պիտի աղօթես՝ առանց հրապուրուելու ժամանակաւոր իրականութիւններէն:
Երբ աղօթես ներում խնդրելով Տէր Յիսուսէն, պիտի ազատիս մեղքի ծանր բեռէն:
Երբ աղօթքդ կախեալ չէ մարդկային քմահաճոյքէն, ապացուցած կ’ըլլաս թէ չես ձանձրացած հոգեւոր կեանքի փնտռտուքէն:
Երբ աղօթքդ չունի սահմանափակում եւ նախապաշարում եկած անցեալէն, պիտի չշեղիս սրբանուէր նպատակակէտէն:
Երբ պտուղ քաղեցիր աղօթքի վարժութեան ընթացքէն, պիտի վայելես ներքին խաղաղութիւն անբացատրելիօրէն:
Երբ աղօթքի կարօտ ըլլալդ կը զգաս մշտօրէն, պիտի վարձատրուիս, քանի ապրեցար հոգիի աղքատութիւնը բացայայտօրէն:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան