Հայաստանի իշխանութիւններուն ներքին քաղաքականութիւնը քաղաքական դաշտը լարուած կը շարունակէ պահել:
Իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող շարք մը գործընթացներ ընտրովի սրբագրումներու տպաւորութիւն կը թողուն, եթէ նկատենք այդ սրբագրումներուն ժամկէտն ու ձեւը, համընդհանուր ուղղութեան մը ծառայել-չծառայելը: Միւս կողմէ, քննադատական որեւէ արտայայտութիւն ընդվզումով կ’ընդունուի իշխանութիւններուն կողմէ եւ սրբագրումի քայլերուն փոխարէն, քննադատը արհամարհող, անոր սխալները մատնանշող սուր հակադարձութիւններ կը հնչեն պետական այրերու կողմէ:
Իշխանափոխութենէն ետք ժողովուրդին անունով հանդէս եկող երկրի ղեկավարները համակարգային փոփոխութիւններու ամբողջական ծրագիր մը որդեգրելու եւ անոր իրագործման մարտավարութիւնը ճշդելու փոխարէն, ընտրովի սրբագրումներով կը փորձեն երկիրը դուրս բերել իր ծանր իրավիճակէն: Համախոհութիւնը, ցաւօք, տեսանելի չէ մեր երկրի քաղաքական դաշտին վրայ:
Արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ պետութեան արտաքին քաղաքականութեան վրայ նաեւ, յատկապէս այս օրերուն, երբ տարածաշրջանը վտանգներով եռուն պատկեր մը կը պարզէ:
Ողջունելի են սրբագրումները, եթէ համակարգուած, ամբողջական գործընթաց մը արտացոլացնեն, եթէ պահպանեն օրինականութիւնն ու այլակարծութիւնը:
Նման սրբագրումներ քաղաքական դրդապատճառներէ զերծ մնալով, համապարփակ բնոյթ կրելով կրնան ուղղել սխալ ընթացք մը, արդիւնաւորուիլ համակարգային բարեփոխման գործընթացներով, այլապէս պատահական սրբագրումներ պիտի ըլլան, որոնք բարելաւման զարգացող ընթացքի մը պիտի չկարենան առաջնորդել երկիրը:
Ցանկալի է ներքաղաքական դաշտին մէջ անհանդուրժողութիւնը մէկ կողմ դնել եւ ստեղծել այնպիսի համախոհութիւն, որուն շնորհիւ մեր երկրի ներքին եւ արտաքին վտանգները դիմակայելու կարելիութիւնները կրնան զարգանալ ու ամրանալ:
Այս համախոհութեան դրօշակիրը կրնայ ըլլալ ընդդիմութիւնը, որ սրբագրելով արձանագրուող սխալները ճիշդ հունի կրնայ առաջնորդել երկրի ներքին քաղաքական կեանքն ու անոր զարգացման հոլովոյթը:
Ընդդիմադիր ուժերը անպայման իշանութիւն տապալելու համար չէ որ կը գործեն, կոչեր կ’ուղղեն, այլ իշխանութիւններուն ուղիներ ցոյց տալու եւ հարցերու լուծման այլընտրանքներ առաջարկելու յանձնառութեամբ հանդէս կու գան բազմապիսի հարցերու յաղթահարման համար: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը այս միտումով Ազգային Ժողովի արտակարգ նիստ կ՚առաջարկէր, սակայն՝ ձայն բարբարոյ յանապատի…:
Հայաստանի զարգացումները ցոյց կու տան, որ ներքին քաղաքական կեանքը քաղաքական մէկ կեդրոնէ հնչող հրահանգներով չի կրնար առաջնորդուիլ: Կենսունակ եւ առողջ ուժերու ջանքերը էական օրակարգերու շուրջ համախմբելով միայն կարելի է ելքեր գտնել ստեղծուած ծանր իրավիճակէն:

«Գ.»