Առաւօտը խաղաղօրէն կը բացուի,
Գիշերուան երազներու լուսարձակ,
Բնութիւնը լուսաճաճանչ կը փայլի,
Աւետելով մեզ եւ նոր լուսածագ:
«Բարի՛ լոյս» , կ’ըսէ արեւը թաց հողին,
Փութալով արտերուն մէջ կ’երկարի,
Շողը կը ժպտի վարդին ու ցօղին,

Ու կը հեւայ ծնունդովը նոր օրին:

Լարա Պէտուրեան 
Քեսապի Ազգ.Ուսում.Միացեալ ճեմարան
Ը. Կարգ