Մեր կեանքը որքանո՞վ փոխուած կ’ըլլար, եթէ առցանց աշխարհը գոյութիւն չունենար: Համացանցը, ինչպէս իւրաքանչիւր արհեստագիտական արտադրանք, ունի իր դրական եւ ժխտական կողմերը, բայց արդեօ՞ք կրնայ վնաս հասցնել մեր յարաբերութիւններուն, մեզի ընդհանրապէս։
Համացանցը շատերուն համար պարզապէս ժամանցի միջոց կը համարուի, ուրիշներ իրենց գործի գլխաւոր միջոցը դարձուցած են առցանց աշխարհը։
Առցանց աշխարհը անկասկած մեր կեանքը աւելի դիւրին կը դարձնէ: Գոյութիւն ունին, օրինակ, կայքէջեր, որոնցմէ շատ դիւրաւ մեր ուզած գիտելիքը կրնանք քաղել, լեզուի դասընթացքներու հետեւիլ եւ այլն… յառաջացած երկիրներու մէջ, մարդիկ այս դժուար օրերուն իրենց առօրեայ կարիքներն անգամ կրցան ապահովել համացանցին միջոցով:
Այս օգտակար կողմերը թուելով մէկտեղ չմոռնանք անոր ժխտական կողմերը: Եթէ լաւ նպատակներու չծառայեցնենք համացանցը, անուղղակիօրէն մենք մեզի վնաս կը հասցնենք:
Լուրե՞ր կ’ուզենք քաղել…. զգոյշ, լաւ իմացէք, որ որեւէ անձ կրնայ կեղծ լուրերու կայքէջ մը յառաջացնել եւ համաճարակի թէ այլ երեւոյթներու մասին կեղծ լուրեր տարածել, մարդիկ վարկաբեկել, հաստատութիւններու աշխատանքը թերագնահատել, երիտասարդները սխալ ճամբաներ առաջնորդել եւ այլն:
Մեզի՝ երիտասարդներուս համար, ամէնէն գէշ սովորութիւններէն մէկն ալ համացանցի աշխարհին մէջ մտնել ու բաղդատութիւններ դնելն է: Երբ, օրինակ, հեռաւոր երկիրներ հաստատուած մեր բարեկամները ժպտուն դէմքերով նկարուած են, ակամայ մեր նեղ ու դժուար այս օրերուն կ’ենթադրենք թէ անոնք անհոգ կ’ապրին, դատելով միայն իրենց ժպիտէն: Այլ օրինակ մը՝ երբ տեսնենք, որ ոմանք շքեղ ճաշարանի մը մէջ կը ճաշեն, կամ շքեղ ինքնաշարժ մը կը վարեն, կ’ենթադրենք, որ միայն մենք դժուարութիւններ կը դիմագրաւենք ու ամէն մարդ ուրախ, անհոգ կ’ապրի։ Չենք մտածեր անգամ, որ մարդ Աստուծոյ, ո՞վ իր դժբախտութեան մէկ պահը կը լուսանկարէ եւ ցոյց կու տայ ժողովուրդին, բացի եթէ նպատակ մը չի հետապնդեր այդ քայլին դիմելով:
Պէտք է գիտակցինք,  որ ամէն բան կարելի չէ երեւոյթէն դատել, կամ ամէն գրուածին հաւատք ընծայել:
Ուստի առցանց աշխարհը միայն դիտելու եւ համեմատելու եզրեր որոնելու համար չօգտագործենք, օգտուինք անոր ընձեռած բարիքներէն եւ մեր աշխատանքին, մեր ուսման, մեր յարաբերութիւններուն մէջ նորութիւններ մուծելու համար մուտք գործենք այս աշխարհը, կեղծիքն ու իրականութիւնը քով-քովի տեղադրող այս հետաքրքրական ու ծուղակներով լի աշխարհը:
Մարինա Ասատուրեան