Հայկական երեսփոխանական պլոքը, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, ինչպէս նաեւ խումբ մը փաստաբաններու ընկերակցութեամբ, երէկ այցելեց իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆի:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ պատիւը ունին Խալաֆի հետ հանդիպելու` աւելցնելով, որ անոր փոխանցած են Հայկական երեսփոխանական պլոքին որդեգրելիք քայլերուն մասին` լիբանանցիներու խմբաւորում մը ներկայացնող անհատի մը կողմէ Լիբանանի արժանապատիւ հայ համայնքին դէմ գործուած յարձակումներուն լոյսին տակ:

«Մենք կը հաւատանք դատական իշխանութեան եւ կը գործենք օրէնքի յարկին տակ, եւ խումբ մը իրաւաբաններ համապատասխան մարմիններուն  բողոք պիտի ներկայացնեն:

Այս հարցը զուտ իրաւական է, եւ մենք պիտի չներքաշուինք սադրանքներու ու ծուղակներու մէջ, պիտի չտարուինք արարքներով Լիբանանը բաղկացնող հիմնական համայնքի մը դէմ գործուող գաղտնի սպասարկութիւններու, որոնք արտաքին զօրակցութիւն կը վայելեն:

Այս յարձակումը բոլոր լիբանանցիներուն դէմ գործուած յարձակում կը նկատենք եւ կը վերահաստատենք, որ կը մերժենք փողոց իջնելու թակարդին մէջ ներքաշուիլ` հաւատալով, որ այս հարցին լուծումը միայն օրէնքն ու իրաւական համակարգն է», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Ապա խօսք առաւ իրաւաբան Զիատ Պիթար, որ յայտնեց, թէ այդ այցելութեան նպատակն է իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահը տեղեակ պահել Լիբանանի արժանապատիւ համայնքներէն մէկուն դէմ արձանագրուած սպառնալիքներուն եւ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններուն մասին:

Պիթար հաստատեց, որ իրենք կը գործեն օրէնքի յարկին տակ` ընդգծելով ազգային միասնականութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը եւ մերժելով սադրանքներ նախապատրաստելու ամէն տեսակի փորձ:

Պատուիրակութիւնը դատական հարց յարուցեց ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի մօտ` Մունիր Հասանի եւ Մերտինցիներու արաբական լիբանանեան միութեան դէմ, նկատի ունենալով հայութեան դէմ անոր ունեցած վարկաբեկիչ արտայայտութիւններն ու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան գովաբանութիւնը:

Ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ յարուցուած այս դատին հետապնդումը յանձնեց դատաւոր Ղասսան Խուրիի:

Նշենք, որ երեսփոխաններ Յ. Բագրատունի, Յ. Թերզեան, Ա. Մաթոսեան, Ժորժ Օքէյս, իրաւաբաններու սենտիքայի նախկին նախագահ Ժորժ Ժրէյժ, իրաւաբան Զիատ Պիթար եւ աւելի քան երեսուն հայ եւ ոչ հայ իրաւաբաններ ստորագրեցին յարուցուած դատին տակ: