«Երկիր».-Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալած է ֆրանսացի բուժաշխատողներու խումբը, որ Հայաստան  ժամանած է օգնելու իր հայ գործընկերներուն պսակաձեւ ժահրի համավարակին դէմ պայքարին:

Ողջունելով հիւրերը եւ ի դէմս  իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղելով բարեկամ Ֆրանսային, անոր նախագահին ու ժողովուրդին` նախագահ Սարգսեան ըսած է.

«Հայաստանի համար դժուար ժամանակներ են: Դուք եկած էք Հայաստան աջակցելու մեր երկրին, աջակցելու, որ կեանքեր փրկուին: Հոս ըլլալով դուք ոչ միայն կ’օգնէք հիւանդներուն, բժիշկներուն, այլ նաեւ նախարարութեան, որ պէտք է դասեր քաղէ ձեր փորձառութենէն, ձեր յաջողութիւններէն եւ ձախողումներէն»:

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը, շնորհակալութիւն յայտնելով Հանրապետութեան նախագահին հիւրընկալութեան համար, յայտնած է, որ յաջորդ շաբաթուան ընթացքին Ֆրանսայի կառավարութեան աջակցութեամբ Հայաստան պիտի ժամանեն նոր բուժաշխատողներ: Ան յատկանշական  համարած է, որ Ֆրանսայէն ժամանած բժիշկներէն ոչ մէկը հայկական արմատներ ունի եւ առաջին անգամ Հայաստան կը գտնուին:

Ան դիտել տուած  է, որ ֆրանսացի մասնագէտները Հայաստան են` բաժնեկցելու իրենց փորձը եւ օգնելու Հայաստանին ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու: Նախագահ Սարգսեան, բարձր գնահատելով ֆրանսացի բժիշկներուն շնորհակալ աջակցութիւնը` անոնց առողջութիւն եւ ապահով վերադարձ  մաղթած է Ֆրանսա:

Ֆրանսացի բժիշկները յայտնած են, որ քննարկումներ  ունեցած են հայ գործընկերներուն հետ, անոնց ներկայացնելով իրենց փորձը: