Ուրբաթ, 19 Յունիսի երեկոյեան Եւրոպական Խորհրդարանը իր լիագումար նիստի ընթացքին հաստատեց 19 Մայիսին ԵԽ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի քուէարկած Արեւելեան գործընկերութեան առնչուող զեկոյցին նախագիծը:

Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի եւ ԵՄ-ի մօտ ՀՀ առաքելութեան տարած ջանքերով կարելի եղած էր Մայիս ամսուան ընթացքին բանաձեւին նախնական տարբերակը բարեփոխել եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին ներառել առանձին հատուած, ուր Եւրոխորհրդարանը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու՝ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորելու ջանքերուն եւ 2009-ի հիմնարար սկզբունքներուն:
Նշենք որ երեք հիմնարար սկզբունքներն են՝ ուժի չկիրառումը, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը։

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը պիտի շարունակէ գործել այն ուղղութեամբ, որ ապագային Եւրոպական Խորհրդարանը նմանատիպ բանաձեւերու մէջ փակագծերը բանայ եւ յստակօրէն նշէ նաեւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը որպէս Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման հիմնարար սկզբունք: