Վաղը՝ Կիրակի, 21 Յունիս 2020-ին առաւօտեան ժամը 8:00-ին ընթացք կ՛առնեն Սուրիոյ երկրորդականի Գ․ կարգի՝ պաքալորիայի, իսկ Երկուշաբթի, 22 Յունիսին միջնակարգի Գ․ կարգի՝ պրովէի պետական քննութիւնները։ Քննութիւններուն կը մասնակցին նաեւ հայկական վարժարաններու աշակերտ-աշակերտուհիները։
Քննութիւն յանձնելու համար արձանագրուած են 557․345 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք պիտի բաժնուին 4901 կեդրոններու մէջ։
Կրթութեան Նախարարութեան տուեալներով, պրովէի քննութիւններ յանձնող աշակերտ-աշակերտուհիներուն ընդհ․ թիւն է 301․145, իսկ պաքալորիայի՝ 128․867 գիտական բաժնի, 81․557 գրական բաժնի աշակերտ-աշակերտուհի։