Կիրակի, 21 Յունիս 2020-ին, Սուրիական Օդանաւային Ընկերութեան յատուկ թռիչքով, 250 սուրիացի աշակերտ-աշակերտուհիներ ընդգրկող օդանաւ մը Նիւտելհիի օդակայանէն Դամասկոսի Միջազգային օդակայան հասաւ:
Այս թռիչքը իրականացաւ Սուրիոյ կառավարութեան ջանքերով՝ քաղաքացիները պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով օտար երկիրներէ հայրենիք վերադարձնելու ճիգերուն բերումով:
Աշակերտները տեղափոխուեցան Դամասկոսի արուարձաններէն Հարճալայի մէջ գտնուող մեկուսացման յատուկ կեդրոններ, ուր պիտի մնան 14 օր: