«Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան անդրադառնալով Ազգային ժողովին կողմէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծի առաջին ընթերցումի ընդունման հաստատեց, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը պէտք է իրմէ կախեալ անհրաժեշտ քայլերուն ձեռնարկէ այս հակաօրինական, հակասահմանադրական ընթացքը կասեցնելու համար եւ պէտք է դիմէ Սահմանադրական դատարան, որովհետեւ ան ունի անհրաժեշտ գործիքակազմը:
Ըստ անոր, ՀՅԴ-ն կ՛ակնկալէ, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը` «Լուսաւոր Հայաստան»ն ու «Բարգաւաճ Հայաստան»ը օգտուին իրենց իրաւունքէն եւ Սահմանադրական դատարան դիմեն, մանաւանդ որ ատիկա կը բխի իրենց գործողութիւններէն եւ յայտարարութիւններէն, մանաւանդ որ իրենք ալ կը կիսեն այն կարծիքը, որ եղածը հակաօրինական ընթացք է: Արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնն ալ պէտք է օգտուի բոլոր միջոցներէն երկրին մէջ տեղի ունեցող գործընթացին դէմ դնելու եւ երկիրը բնականոն հունին վերադարձնելու համար, շեշտեց ան:
Սաղաթէլեան այս նախագիծի ընդունումը, ի շարս այլոց, որակեց սահմանադրական կարգի տապալման համազօր գործողութիւն` դիտել տալով, որ Դաշնակցութիւնը ամբողջ տարի մը շարունակ կը խօսի այս գործընթացներուն մասին, բայց եւ այնպէս ոչինչ կը կասեցնէ իշխանութիւնը հակասահմանադրական ճամբով սահմանադրական դատարանի հարցը լուծելէ, իսկ 22 Յունիսի քուէարկութիւնը այդ մէկուն ապացոյցն է: