Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2020-ի առաւօտուն, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, ընկերակցութեամբ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ ազգային վարժարաններու տնօրէնութեան, մեկնեցաւ Հասիչէ՝ շնորհաւորական այցելութիւն տալու նորանշանակ նահանգապետին։
Հասիչէի ազգային վարժարանի ներքնասրահին մէջ հոգեշնորհ հայր սուրբն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցան տեղւոյն թաղականութեան եւ ՍՕԽ-ի «Լոռի» Մասնաճիւղի Վարչութեան հետ, որմէ ետք Գամիշլիի եւ Հասիչէի պատուիրակութիւնները միասնաբար ուղղուեցան նահանգապետարան, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցան նահանգապետ Ղասան Հալիմ Խալիլի եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ։
Նահանգապետը նախ բարի գալուստի խօսք ուղղելով ներկաներուն շեշտեց. «Հայերը ծանօթ են բոլորին որպէս հաւատարիմ, պարկեշտ եւ աշխատասէր քաղաքացիներ»։

Ապա հոգեշնորհ հայր սուրբը շնորհաւորեց նահանգապետը իր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով, անոր մաղթելով յաջող երթ, բեղուն աշխատանք, պատրաստակամութիւն յայտնելով համագործակցութեան՝ յանուն Ճեզիրէի բարգաւաճումին։

Այնուհետեւ արծարծուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող զանազան հարցեր։

Աւարտին պատուիրակութիւնը կրկին շնորհաւորեց նահանգապետը եւ անոր յատկանշական յուշանուէր մը յանձնեց։