«Արմէնփրէս».- ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Ովերչուկ` որպէս Հայ-ռուսական տնտեսական գործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահներ տեսակապի միջոցով քննարկած են հայ-ռուսական երկկողմ օրակարգի արդիական հարցերը:
Հանդիպումին սկիզբը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետները ներկայացուցած են պսակաձեւ ժահրի վարակին տարածումով երկիրներու մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու վարակի հետեւանքները չէզոքացնող նախաձեռնութիւններու արդիւնքները:
Երկուստէք կարեւոր համարուած է այս բարդ իրավիճակին մէջ նման ձեւաչափով քննարկումներու կազմակերպման կարեւորութիւնը` միջկառավարական յանձնաժողովի 19-րդ նիստի արձանագրութեան նախաձեռնութիւններու իրականացման ընթացքը քննարկելու եւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ միտքեր փոխանակելու տեսանկիւնէն:
Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան Կառավարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար, մասնաւորապէս առողջապահութեան ոլորտին մէջ: ՌԴ փոխվարչապետը իր կարգին յայտնած է, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին համավարակի դէմ պայքարին մէջ:
Աշխատանքային քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է առեւտրատնտեսական, արդիւնաբերական, երթեւեկի, ուժանիւթի, մարդասիրական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ գործակցութեան առնչուող հարցերուն:
Կողմերը համաձայնած են Հայ-ռուսական տնտեսական գործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 20-րդ նիստը Հայաստանի մէջ կատարել այս տարուան երրորդ եռամսեակին: Յանձնաժողովի համանախագահները պայմանաւորուած են յանձնարարականներ տալ համապատասխան գերատեսչութիւններուն յաջորդ նիստի օրակարգը ձեւաւորելու եւ հաստատուած նախաձեռնութիւններու արդիւնաւէտ իրականացումը ապահովելու ուղղութեամբ: