Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2020-ին, ռուսական RT լրատուամիջոցին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Եգիպտոսի Խորհրդարանի պատգամաւոր զօրավար Թամեր Շիհաուի Եգիպտոսի երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ ալ Մուալլեմի այն արտայայտութեան, ուր ան շեշտեց Գահիրէին աջակցելու Դամասկոսի պատրաստակամութիւնը։ Շիհաուի յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի ժողովուրդները տարիներ շարունակ պայքարեցան եւ գործակցեցան արաբ-իսրայէլեան տագնապին արդար լուծման համար: Ապա աւելցուց, որ Սուրիոյ կայունութիւնն ու միասնութիւնը եգիպտական եւ արաբական ազգային անվտանգութեան հիմնասիւներէն կը հանդիսանան, ու թէեւ քաղաքական որոշ հարցերու մէջ երկու երկիրները տարակարծիք կրնան ըլլալ՝ իւրաքանչիւրը իր քաղաքական արժեւորումներէն մեկնելով, այնուամենայնիւ տարածաշրջանի այս երկու արաբական մեծ երկիրներուն պատմական կապը ամուր եւ կայուն կը մնայ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, որ պատմական մէկ ժամանակահատուածին անոնք միացած են եւ ունեցած մէկ բանակ, մէկ դրօշ եւ մէկ ճակատագիր։

Շիհաուի աւելցնելով ըսաւ. « Եգիպտոս Սուրիոյ տագնապի առաջին օրերէն յստակ իր դիրքորոշումը յայտնեց, շեշտելով որ դէմ է միակողմանի բոլոր այն որոշումներուն, որոնք կը հերքեն Սուրիոյ իրաւունքը պատմական Կոլանի վերատիրացման, ինչպէս նաեւ հիւրընկալեց գաղթական մեծաթիւ սուրիացիներ, զիրենք, մեր նախագահին՝ Զօր. Սիսիին իսկ խօսքով, ոչ թէ առժամեայ հիւրեր, այլ՝ հարազատներ»:

Շիհաուի եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ նման յայտարարութիւն ակնկալելի էր Սուրիոյ մեր եղբայրներէն: Մենք քաջ գիտենք, որ Սուրիան կը գնահատէ Գահիրէին աշխարհաքաղաքական դերն ու անոր կայունութեան կարեւորութիւնը, գիտէ նաեւ, որ ռազմավարական տարբեր առանցքներու վրայ ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ ան: Այս իսկ պատճառով Եգիպտոս, իր քաղաքական եւ ժողովրդային բոլոր շերտերով, բարձր կը գնահատէ Սուրիոյ պաշտօնական դիրքորոշում»:

Յիշենք, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը 23 Յունիսին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած էր, որ Դամասկոս կը զօրակցի Լիպիոյ ազգային բանակին եւ Լիպիոյ հարցին ուղղութեամբ Եգիպտոսի որդեգրած քայլերուն: