Մարիան, Սիլվին եւ Լենան՝ իգական սեռի երեք ներկայացուցիչներ, յաջողեցան իրենց միջավայրին մէջ իգական սեռի դերակատարութեան շուրջ տիրող քարացած մտածելակերպը շրջանցել եւ պատերազմի տարիներու տնտեսական ծանր պայմանները յաղթահարելու  առումով եզակի օրինակ մը դառնալ՝ Հալէպի մէջ ուտեստեղէնի կեդրոն մը հիմնելով:
Մարիան եւ Սիլվին իրենց ապրուստը ապահովելու համար զանազան ծրագիրներու մասին կը մտածէին։ Խոհարարական աշխատանքին հանդէպ իրենց հետաքրքրութիւնն ու տածած սէրը զիրենք մղեցին նման կեդրոն մը բանալու աշխատանքին, ուսուցչական ասպարէզին մէջ իրենց վստահուած գործին կողքին: Հետագային այս երկուքին պիտի միանար իրենց ընկերուհին՝ Լենան:
«Սկիզբը զանազան դժուարութիւններու դէմ դրինք, հիմնականը մեր ընտանիքներուն եւ միջավայրին կողմէ այս ծրագիրին բոլորովին մերժելն էր, այն պատճառաբանութեամբ, թէ ուսուցչական ասպարէզին մէջ ծառայողին համար պատշաճ չէ նման աշխատանքի ձեռնարկելը,  միւս կողմէ ալ հալէպեան մեր միջավայրին կողմէ նման աշխատանք մը  կիներու համար անյարմար կը նկատուէր: Մեր կարծիքով, սակայն, կնոջ կարողութիւնները թերագնահատող պատճառաբանութիւններ էին այս բոլորը, որոնք մեր ետին ձգելով հիմնեցինք մեր աշխատանքը եւ շարունակեցինք համբերութեամբ , տարբեր պայմաններու  յարմարելով: Անհրաժեշտ նիւթերը ապահովելու, գնումները ընելու տարբեր հարցեր լուծեցինք քայլ առ քայլ եւ մեր  յարգոյ յաճախորդները գոհացնելու նախանձախնդրութեամբ գործի լծուեցանք, այն համոզումով, որ յաճախորդը միշտ իրաւունք ունի իր անկեղծ կարծիքը, գնահատանքն ու գանգատը յայտնելու: Յաջողեցանք եւ ունեցանք մեր մնայուն յաճախորդները, որոնք մեր ճաշարանը իրենց մտերմիկ մէկ վայրը կը համարեն արդէն», ըսաւ Մարիա Պարսումեանը:
Ապա աւելցուց. «Մնայուն մեր յաճախորդներէն ոմանք իրենց անունով արկատներ ունին մեր մօտ, իւրաքանչիւրը իր ճաշակին եւ ընտրութեան համաձայն, ըլլայ ան համեմի կամ բաղադրութեան նախընտրութիւնը: Օրինակ՝ ունինք  Ճոնիին արկատը, Ռոժէին հէմպըրկըրը եւ այլն…»: 
Մարիային համաձայն, իրենց խոհանոցէն ներս կը պատրաստուին նաեւ հայկական նշանաւոր ճաշատեսակներ, ինչպէս հայկական ղաւուրման եւ այլն…:
Մարիան, Սիլվին եւ Լենան անդրադառնալով իրենց աշխատանքին ուրախութիւն յայտնեցին որ յաջողեցան իրենց նպատակին հասնիլ եւ միջավայրը համոզել, որ իգական սեռը կրնայ նաեւ տղամարդու վերապահուած աշխատանքներ ստանձնել, նոյնիսկ եթէ այլ պատասխանատուութիւններ ունենայ, ինչպէս ուսուցչութիւն, ընտանիքի հոգատարութիւն եւ այլն: Անոնք մեծ հաճոյքով կը շարունակեն իրենց գործը, համոզուած ըլլալով, որ կ’արժէ տքնիլ եւ զոհաբերել որեւէ երազանք կամ նպատակ իրականութիւն դարձնելու համար:
«ՃԱՄԱՀԻՐ»