Ուրբաթ, 19 Յունիս 2020-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ ծովափնեայ շրջան, ժողովուրդի զաւակներուն հետ ըլլալու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներ ունենալով մօտէն հետաքրքրուելու անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններով, ինչպէս նաեւ Ազգ. Իշխանութեան զօրակցութիւնը յայտնելու անոնց: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կþընկերակցէր Ազգային Վարչութեան անդամ Հրայր Թրթռեան:
Օրհնաբաշխ այցելութիւնը սկիզբ առաւ Թարթուսէն, ուր սրբազան հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ ծովափնեայ շրջանի եւ Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի, Լաթաքիոյ Թաղականութեան ատենապետ Վահէ Կարճիկեանի, Թարթուսի նորանշանակ Թաղական Խորհուրդի, անոր ատենապետ Աւօ Քուրթուքեանի եւ խումբ մը հաւատացեալներու կողմէ: Փոքրիկները եւս Առաջնորդ Սրբազան Հօր ծաղկեփունջ նուիրելով արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնը:
Թարթուսի հայկական երկյարկանի կեդրոնէն ներս, սրբազան հայրը մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ուր քահանայ հայրը բարի գալուստի խօսք ուղղեց եւ Թարթուսի հայ համայնքի զաւակներուն անունով բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր:
Սրբազան Հայրը լսեց Թարթուսի հայ համայնքին մտահոգութիւնները, մօտէն հետաքրքրուեցաւ համայնքին առնչուող հարցերով եւ լսեց անոնց առաջարկները:
Այցելութեան առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց Ազգ. Իշխանութեան ողջոյնները եւ Թարթուսի Թաղական Խորհուրդը համալրեց երկու նոր անդամներով: Թաղականութեան կազմը կրեց հետեւեալ պատկերը.-
Աւօ Քուրթուքեան (ատենապետ), Տոքթ. Վահէ Չամաքեան, Զարեհ Արոյեան, Սեւակ Պզտիկեան, Մակի Սէմէրճեան, Յովիկ Գլընճեան,Կարօ Գրիգորեան
Շաբաթ, 20 Յունիս 2020-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժամանեց Լաթաքիա, ընկերակցութեամբ՝ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի:
Սրբազան հայրը ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ ծովափնեայ շրջանի եւ Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ անոր ատենապետին, եկեղեցւոյ Տիկնաց Յանձնախումբին, Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի Հոգաբարձութեան, Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն կողմէ:
Սրբազան հայրը ներկայ գտնուեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ամավերջի հանդէսին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Քահանայ հայրը, Լաթաքիոյ ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ ընտանիքին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովուական օրհնաբեր այցելութեան առիթով:
Այնուհետեւ, Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրի մը ընդմէջէն հրամցուցին անցնող տարուան ընթացքին իրենց սորված շարականներն ու աղօթքները:
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնն ու բարեմաղթութիւնը ուղղելով Կիրակնօրեայ Դպրոցին շուրջ համախմբուած աշակերտներուն, թելադրեց, որ լսեն Տիրոջ պատուիրանները եւ գործադրեն զանոնք իրենց առօրեայ կեանքին մէջ, այնպէս ինչպէս Յիսուսի առաքեալները կատարեցին:
Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Քահանայ Հօր, եկեղեցւոյ Թաղականութեան, Տիկնանց Յանձնախումբին եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցչական կազմին տարած աստուածահաճոյ գործունէութիւնը:
Լաթաքիոյ մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յաջորդաբար հանդիպում ունեցաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան, Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին հետ:
Կիրակի, 21 Յունիս 2020-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հովուական այցելութեամբ Քեսապ մեկնեցաւ, ուր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ իր հոգեշունչ պատգամը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին: Պատարագին ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը, Տիկնանց Յանձնախումբը, Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցչական կազմը, աշակերտները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:
Ս. Պատարագը մատուցեց եկեղեցական ծառայութեամբ Քեսապ գտնուող Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին, բնաբան ունենալով Պօղոս առաքեալի հռոմայեցիներուն գրած նամակին 6-րդ գլուխը: Առաքեալին բառերը մէջբերելով Մասիս Եպիսկոպոս ըսաւ, որ մեղքին պտուղը մահն է, իսկ Աստուծոյ հնազանդութեան պտուղը՝ շնորհքն ու փրկութիւնը: Հետեւաբար, Սրբազան Հայրը չարի եւ բարիի մրցակցութեան մէջ քրիստոնեայ հաւատացեալները յորդորեց զինուիլ աստուածային բնութեամբ, այսինքն՝ Սուրբ Գիրքով, աղօթքով եւ եկեղեցական արարողութիւններով՝ արժանի դառնալու յաւիտենական կեանքին եւ դէմ դնելու համար այն երեւոյթներուն, որոնք մարդը կը շեղեն աստուածահաճոյ առաքելութենէն: Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը վեր առաւ քեսապահայութեան եկեղեցաշէն եւ ազգաշէն ծառայութիւնը, իրենց հաւատարմութիւնը սուրիական հայրենիքին եւ ազգային արժէքներուն նկատմամբ:
Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն հոգելոյս Տ. Նորայր Սրբ. Եպս. Աշըգեանի եւ տիրամայր Թագուհի Աշըգեանի հոգիներուն համար: Այս առիթով, Սրբազան Հայրը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Բերիոյ Հայոց Թեմին ցաւակցութիւնները փոխանցեց հոգելոյս Սրբազան Հօր եւ Տիրամօր հարազատներուն:
Ս. Պատարագէն ետք, Թաղականութիւնն ու Տիկնանց Յանձնախումբը եկեղեցւոյ սրահէն ներս սիրոյ սեղան սարքեցին՝ ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Թաղականութեան ատենապետ Աբրահամ Կարճիկեան եկեղեցւոյ ընտանիքին անունով խօսք արտասանեց, արեւշատութեան եւ քաջառողջութեան բարեմաղթութիւններ ուղղելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր, յատկապէս շնորհաւորելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուելուն առաջին ամեակը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ՝ Հայր Սուրբին, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչին եւ եկեղեցւոյ Թաղականութեան, այցելեց հոգելոյս Սրբազան Հօր ծնողաց բնակարանը եւ ցաւակցութիւններ յայտնեց անոր ընտանեկան պարագաներուն:
Երկուշաբթի, 22 Յունիս 2020-ին, Սրբազան Հայրը ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի եւ Քեսապի ազգայիններու այցելեց Գարատուրան շրջանի Ս. Ստեփանոս մատուռը:
Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2020-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան դէպի Հալէպ վերադարձի ճամբուն վրայ այցելեց Պանիասի հայ համայնքին, ընկերակցութեամբ՝ ծովափնեայ շրջանի եւ Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանի, Լաթաքիոյ թաղականութեան ատենապետ Վահէ Կարճիկեանի, Թարթուսի թաղականութեան եւ անոր ատենապետ Աւօ Քուրթուքեանի: Սրբազան Հայրը հիւրընկալուեցաւ Թարթուսի թաղականութեան անդամ Կարօ Գրիգորեանի բնակարանէն ներս, ուր հանդիպում ունեցաւ Պանիասի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Սրբազան Հայրը իրազեկ դարձաւ Պանիասի հայ համայնքի անցեալին եւ ներկայ իրավիճակին, մօտէն ծանօթացաւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, լսեց անոնց առաջարկները եւ խոստացաւ ծովափնեայ շրջանի եւ Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանի գլխաւորութեամբ ամսական դրութեամբ պատարագ մատուցել տեղւոյն եկեղեցիէն ներս: Ներկաները յայտնեցին, որ անցեալին Պանիասի մէջ հաստատուած էին շուրջ 60 հայ ընտանիքներ, սակայն ներկայիս փոքրաթիւ ընտանիքներ մնացած են:
Այցելութիւններու աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ գնահատեց ծովափնեայ շրջանի եւ Լաթաքիոյ Քահանայ Հօր ու եկեղեցիներու թաղականութիւններուն՝ իրենց տարած ազգանուէր եւ եկեղեցանուէր գործունէութեան համար, խոստանալով յաճախակի այցելութիւններ տալ՝ ժողովուրդի զաւակներուն հետ ըլլալու համար:
Մարինա Պօղիկեան