«Ալ Ուաթան».- ԱՄՆ-ի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, 24 Յունիսին դատապարտեց Թուրքիոյ բռնարարքները Հասիչէի մօտակայ Թալ Հալաֆ աւանին մէջ, ինչպէս նաեւ օդային յարձակումը Այն Արապի վրայ, կոչ ուղղելով սուրիական հիմնահարցը լուծելու քաղաքական գործընթացով։
Յայտարարութենէն օր մը առաջ Թալ Հալաֆի մէջ ականաւորուած ինքնաշարժի մը պայթումին հետեւանքով տեղւոյն քաղաքացիներուն մէջ արձանագրուած էին երեք զոհ եւ երեք վիրաւոր։ Նոյն օրը թրքական ուժերու թիրախ հանդիսացած էր քրտական տիկնանց միութեան մը ժողովը Այն Արապի մէջ։ Ինկած են հինգ զոհեր, որոնցմէ երեքը միութեան անդամ կիներ են։
RT կայքը ամերիկեան յայտարարութիւնը որակած է ուշագրաւ եւ աննախընթաց՝ 2011-ի սուրիական տագնապի սկիզբէն ի վեր։