ԼԱՒՈԴԻԿԷ *
ԼԱԹԱՔԻԱ **
     ԼԱԶՔԸԵԷ *
 Սուրիոյ  Լաթաքիա քաղաքին մէջ հայերու ներկայութիւնը  կը սկսի Ք.ա. 83 թուականէն:
Հայոց  Թագաւոր Մեծն Տիգրան հիմնած է անոր նաւահանգիստը:
Տիար Գրիգոր Տունկեան Լաթաքիոյ եւ շրջակայքի, այլ խօսքով ծովափնեայ հիմնական շրջաններու հայ գաղութի պատմութեան անդրադարձող կարեւոր աշխատասիրութիւն մը պատրաստած ու հրատարակութեան յանձնած է տարիներ առաջ, «Նիւթեր Լաթաքիոյ եւ Շրջակայքի Հայ Ազգաբնակչութեան Պատմութեան» խորագիրով: Գրքոյկ մը, որ հարուստ է յատկապէս վիճակագրական տուեալներով:
61 էջանի  այս գրքոյկը տպուած է Հալէպ, 1983-ին, հրատարակութեամբ Բերիոյ Հայոց  Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին:
Գրքոյկին ներածականով հեղինակը դիտել կու տայ, որ՝ «Գրքոյկը իր հիմնական մասով կը ներկայացնէ  10-20 Դեկտեմբեր 1980-ի մեր կողմէ կատարուած Լաթաքիոյ հայ գաղութի վիճակագրութեան արդիւնքները»: Նոյն վերնագրին տակ ան կ’ըսէ. «Սփիւռքի հին ու մօտիկ անցեալի պատմութեան կողքին՝  նոր գոյավիճակներու քննութիւնը անհրաժեշտ կը համարենք, գիտնալու համար, թէ վերջապէս դէպի ո՛ւր կը նաւարկենք Սփիւռքեան ալեկոծ ծովուն վրայ: …Գրքոյկին մէջ զետեղած ենք նաեւ Լաթաքիոյ եւ շրջակայքի 26 բնակավայրերու 1911-ին եւ 1920-ին կատարուած  ազգային մարդահամարի եւ  վիճակագրութեանց անտիպ տուեալները»:
Անդրադառնալով 1911-ին կատարուած մարդահամարին, հեղինակը նկատել կու տայ, «ան  միակ խօսուն եւ թանկարժէք փաստն է պատմական երկար անցեալ մը ունեցող եւ սփիւռքեան ամէնէն հինը համարուող սուրիական ծովափի շրջանի  այս գաղութին, որ տասը դարերու պատմական եւ քաղաքական վերիվայրումներով լեցուն շրջանէ մը ետք տակաւին կը պահէ իր գոյութիւնը» (էջ 5):
Հեղինակի  արխիւային ուսումնասիրութիւնը եղած է ապագայ շատ մը հայ  պատմագէտներու ուսումնասիրութիւններու ն սկզբնաղբիւրը:
«1911 եւ 1920 թուականներուն, ինչպէս նաեւ 1922-ին կատարուած մարդահամարները կը վկայեն, որ 1915-ին  եւ ապա 1921 -1922-ին Օսմանեան Կայսրութեան իշխող համակարգին կողմէ կատարուած հայութեան սպանդը Ցեղասպանութիւն է: Փաստօրէն այստեղ կը գտնենք հայեր, որոնք ծնած են Կիլիկիոյ եւ Արեւմտահայաստանի  տարբեր  շրջաններ ( Տես՝ «Հայերը եւ Սուրիական Ծովափին Զարթօնքը» 16, 4, 1997, Ն.Մ.):
Գ. Տունկեանի գրքոյկին առաջին մասը կը կրէ հետեւեալ խորագիրը՝
1911-ի  Մարդահամարի Տոմարներու Ծանօթագրութիւն (էջ 5-14): 
Այստեղ հեղինակը կը նկարագրէ նաեւ տոմարները, դիտել տալով, որ անոնք դեղնած եւ անգիծ էջերէ կը բաղկանան,  իսկ առաջին էջին վրայ կ’երեւի հետեւեալ ձեռագիր արձանագրութիւնը.
ՎԵՀԱՓԱՌ
Տ.Տ. ՍԱՀԱԿ ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Ի ՍԻՍ
Ըստ հեղինակին,  լաթակազմ  երկու  տոմարներու մէջ արձանագրուած մարդահամարը կատարած է Լաւոդիկէի, Անտիոքի եւ Ճըսիրի վիճակաց Առաջնորդ՝ խարբերդցի Մովսէս Վրդ. Ոսկերիչեան:
Այս տուեալները առանձին տոմարներու մէջ խնամքով կը պահուին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի արխիւներուն մէջ:
1987-ին, Լաթաքիա ժամանած Խորհրդային Միութեան Դեսպանատան, Հայաստանի բաժինի Ներկայացուցիչ  Պրն, Ալեքսանտր Ծատուռեան, եկած էր արխիւային  փաստաթուղթեր  հաւաքելու, նոր հիմնուած  Հայոց  Ցեղասպնութեան  Ինստիտուտին համար: Լաթաքիոյ Հայոց Թաղական Խորհուրդի համաձայնութեամբ 1911-ի տոմարը կը յանձնուի տիար Ա. Ծատուռեանին, իսկ տոմարին պատճէնը կը պահուի եկեղեցւոյ  դիւանին գրադարանը:
Վիճակագրական Տուեալներ 1866-1911 (էջ 18):
«1911-ի եւ 1920-ի Վիճակագրութեամբ Յիշուած Վայրեր եւ Վիճակագրական Թիւեր» գլուխին  սակ, յիշուած է 1911-ի վիճակագրութեամբ  Լաթաքիոյ հայ ազգաբնակչութեան ամբողջական անուանացանկը (էջ 19-22):
Գրքոյկին 23-րդ էջը կը բացուի  Քեսապ խորագիրով, ապա յաջորդաբար կը ներկայացուին Գալատուրան, Քէօրքիւնէ, Չինարճըգ, Տիւզաղաճ, էսկիւրրէն, Էքիզօլուխ, Սեւ Աղբիւր, Եագուպիէ, Արամօ, Պաշուրտ, Անտիոք, Սուէտիա, Ֆագը Հասան, Պաղճաղաս, Չագալճըգ գիւղերու վիճակագրական տուեալները:
Յաջորդ գլուխը կը կրէ «Լաթաքիոյ Հայ Գաղութի 1981-ի Ազգագրական Վիճակագրութիւնը» խորագիրը (էջ 41-50):
Տիար Գրիգոր Տունկեանի հրամցուցած նիւթերը, վիճակագրութեան օրէնքները յարգող մասնագիտական մօտեցումը  առաւել մեծ կարեւորութիւն տուած են այս հրատարակութեան, որ մինչեւ թուականս կը պահէ իր այժմէականութիւնը:
Վերջին գլուխով կը ներկայացուին  Լաթաքիոյ հայկական նախակըրթարանը,  հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ Նահատակաց Կիրակնօրեայ վարժարանը: Ապա հեղինակը լուսարձակի տակ կ’առնէ Լաթաքիոյ մէջ գործող միութիւններն ու գրադարանները: Հետաքրքրական է անդրադարձը մամուլին, ուր ան  դիտել կու տայ, որ Լաթաքիոյ հայ գաղութը չունի հայկական տպարան կամ հայերէն որեւէ հրատարակութիւն, սակայն այլ քաղաքներու, գաղութներու հայ մամուլը կը հասնի հայ ընթերցողին:
Գիրքը կը փակուի բովանդակութեան եւ օգտագործուած պատկերներու ցանկով:
Լաթաքիոյ  հոգեւոր հովիւ Տ.Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանի  կատարած մարդահամարին համաձայն, 2020-ին, Լաթաքիոյ հայ բնակչութեան թիւը կը հասնի 3500 -ի:
Լաթաքիան, ինչպէս Սուրիոյ ողջ քաղաքները, կը շարունակեն գոյապայքար մղել, քաջ գիտնալով որ հայութիւնը պատմական վաղ ժամանակներէն ի վեր խարսխուած է այս երկրին մէջ:
Գրիգոր Տունկեանի հրատարակած այս գրքոյկը եւս այդ խարսխումին մէկ այլ վկայութիւնը կարելի է համարել:
Հեղինակ՝ Գրիգոր Տունկեան
Կը ներկայացնէ՝ տոքթ. Նորայր Մանճեան