Մօտաւորապէս վեց ամիսներէ ի վեր պսակաձեւ ժահրի համաճարակը  պատկերասփիւռի կայաններուն, համացանցային լուրերուն, թերթերուն հիմնական նիւթը դարձաւ: Լրատուամիջոցները գրեթէ ամէն ժամ նոր տեղեկութիւններ կը փոխանցեն բոլոր երկիրներուն մէջ արձանագրուուղ պարագաներուն մասին անխտիր: Զանազան մեկնաբանութիւններ եւ վերլուծումներ ի յայտ կու գան, շեշտելով որ համաճարակը այլազան հետեւանքներ պիտի ունենայ: Շատեր իրենց կեդրոնացումի կորիզը դարձուցին ախտին քաղաքական հետեւանքները՝ երկրին պայքարունակութիւնը, ժողովուրդին կանոնազանցութիւնը, օրինական պատժամիջոցներու կիրարումը եւ այլն: Ուրիշներ քննարկելով համաճարակին տարբեր ազդեցութիւնները, յատկապէս տնտեսական հետեւանքը, շեշտեցին որ յառաջացած երկիրներու տնտեսութիւններն անգամ հիմնայատակ կրնան կործանիլ կամ աճ չարձանագրել երկար ժամանակի վրայ: Խումբ մը քաղաքական վերլուծաբաններ պարզեցին, թէ  նորովի  ինչպիսի՛ ուժեղ պետութիւններ պատնէշի վրայ պիտի յայտնուին համաշխարհային տնտեսութեան յառաջիկայ տասնամեակներուն:
Համաճարակին ամէնէն ուշագրաւ կողմը մարդկային կենցաղին ու հոգեբանութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւնն էր: Համաճարակը ոմանց հոգեկան անկումի առաջնորդեց, որովհետեւ անոնց երազները չքացան, աշխատանքային ծրագիրները յօդս ցնդեցան:
Ժխտական իր ազդեցութեան կողքին, համաճարակը դրական կողմեր ալ ունեցաւ: Շրջագայութեան արգիլման հետ մարդիկ  տնասէր դարձան, սկսան շեշտակի  կարեւորութիւն տալ իրենց ընտանիքին, առիթ ընծայուեցաւ  թաքնուած ձիրքեր յայտնաբերելու եւ առցանց աշխարհը հիմնական մեր պատուհանը դարձաւ հաղորդակցելու եւ իրարմով մխիթարուելու:
Ուշագրաւ նորարարութիւններու, ստեղծագործ միտքերու ալ արդիւնաւորման ականատեսը եղանք: Օրինակ. Լաթվիոյ մէջ նորատիպ ոճով քանդակուած արձան մը պատրաստուեցաւ՝ իբրեւ երախտագիտութիւն բժշկական ծիրին մէջ գործողներուն: Հազարաւոր առցանց դասընթացքներ զիրար գերադասելու մրցումի մէջ մտան:  Շատեր համացանցային դասընթացքներու հետեւելով սկսան նոր լեզու մը սորվիլ, ուրիշներ իրենց կիսատ թողած համալսարանական ուսումը շարունակելու առիթներ գտան: Մարզանքն անգամ սկսաւ կիրարկուիլ տուներու մէջ: Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեամբ (WHO) աշխարհահռչակ երգիչներ, ինչպէս Սելին Տիոն, Անտրէա Պոչելլի, առցանց համերգներ հրամցուցին: Անոնց հիմնական նպատակը վարակին դէմ պայքարողներուն զօրակցիլն էր: Այս բոլորին  կողքին, արուեստի աշխարհին մաս կազմող տարբեր ճիւղեր առցանց ներկայացան: Այսպէս՝ առցանց թանգարաններու ներկայացումներ տեղի ունեցան, ինչպէս Հայաստանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը, Փարիզի d’Orsay թանգարանը եւ այլ թանգարաններ: Ամէն բան, ամէն աշխատանք, ամէն արհեստ ու արուեստ հասանելի դարձաւ տան մէջ բանտարկուած մարդոց:
Արդարեւ, քաոսային այս օրերուն նախասիրած գիրք մը ընթերցելը, տաք ըմպելիք մը վայելելը, երաժշտութիւն ունկնդրելը, բարեկամի մը հետ զրուցելը ամենալաւ բալասանը հանդիսացան մեր ներքին հաւասարակշռութիւնը գտնելուն, նման պայմաններու մէջ գոյատեւելու եւ յաղթահարելու այս նոր տագնապը եւս:
Ամէն պարագայի, մէկ իրականութիւն հաստատուեցաւ. մարդ արարածը հեռակայ դրութեամբ կառավարելու, անոր իւրաքանչիւր քայլին հետեւելու միջոցները պարզ ու երեւելի դարձան այլեւս: Աշխարհն ու մարդկութիւնը քիչ մը աւելի կառավարելի դարձան: Սա ինչպէ՞ս կարելի է գնահատել՝ դրակա՞ն, թէ բացասական զարգացում… Կ’արժէ խորհիլ, վերլուծել եւ ըստայնմ մեր կեանքը ապրիլ ու ծրագիրներ մշակել…:
Լարա Արթին