Համեստ բարեկամ մը, ծառայող մը կորսնցուցինք օրեր առաջ: Մեր հաւատարիմ ընկերը՝ Փիեռ Պետրոսեանը: Պատերազմի տարիներուն ան որպէս կամաւոր ծառայեց Տիգրանեան ակումբէն ներս, հայկական թաղամասերու օրական հսկողութեան աշխատանքին մաս կազմելով: Օրական 24 ժամ ակումբն էր այդ օրերուն: Իր տունէն աւելի ակումբի մէջ կ’անցընէր իր օրերը, հաւատալով որ երբ ապահով է շրջանը, ապահով է իր ընտանիքը նաեւ: Շտապ օգնութեան աշխատանքներուն առաջին հասնողներէն էր, ամէն ճիգ ի գործ կը դնէր փրկելու պատերազմի հրթիռներէն վիրաւորուած հայորդիի մը կեանքը: Ծառայութեան նոյն ոգիով Հալէպի շրջափակման օրերուն կը մասնակցէր հացի բաշխումին, Կարմիր Մահիկի աշխատանքներուն, յատկապէս կարիքաւոր ընտանիքներու ճաշի բաշխումի յանձնախումբին մաս կազմելով: Որեւէ ժամ, որեւէ հրահանգի կ’ենթարկուէր, միշտ ժպտուն էր, իր իւրայատուկ ժպիտով կը կատարէր իրեն վստահուած բոլոր գործերը, ամէնէն տագնապալի ու անել կացութիւններուն մէջ իսկ կը հաւատար, որ պիտի յաղթահարենք պատերազմի ահաւոր դժուարութիւնները: Նոր Գիւղի տագնապալի օրերուն, երբ հրթիռակոծումներ, յարձակումներ տեղի կ’ունենային շրջանին ուղղութեամբ, Փիեռ ներկայ էր մեր կողքին, գիշեր-ցերեկ: Իր բնակարանն ալ ամէնէն վտանգաւոր թաղամասերէն մէկուն մէջ էր, ուր շարունակեց բնակիլ մինչեւ պատերազմին աւարտը, երբեք չլքեց իր տունն ու տեղը:
Փիեռի վաղաժամ մահը ծանր հարուած էր իր ընկերներուն: Ան պատերազմի վտանգաւոր տարիներուն չվիրաւորուեցաւ անգամ, փրկուեցաւ, ընտանիքը անվտանգ պահեց, հակառակ Նոր Գիւղ ապրած ըլլալուն, սակայն անողոք մահը խլեց զինք ու վերջ տուաւ համակ նուիրումի իր կեանքին: Հալէպի ազատագրումէն ետք ան փոխադրուած էր նախ Այնճար, ապա Երեւան, ուր 30 Մայիս 2020-ին իր մահկանացուն կնքեց սրտի կաթուածի մը հետեւանքով: Հողը թեթեւ հանգչի վրադ, սիրելի՛ ընկեր Փիեռ:
Սգակիր պահակ ընկերներ