«ՊՈԱԿ».-25 Յունիսին Հալէպի Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ գործակցաբար, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան կազմի բժշկական խումբը, ըստ բարի աւանդոյթին, Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցած է բժշկական անհրաժեշտ պարագաներ:
Բժշկական կեդրոններու ղեկավարները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են հայ բժիշկներուն՝ տրամադրուած բժշկական պարագաներուն, բժշկական հաստատութիւններէն ներս ցուցաբերուող ամէնօրեայ բժշկական օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ Հալէպի ՀՀ հիւպատոսութեան` մշտական աջակցութեան համար: