«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP)անդամ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան «Սուրբ Կոյսեր» հայկական մենաստանի հարցը բերած է Թուրքիոյ խորհրդարանի (մէճլիս) օրակարգ:
Վանի Կիւրփընար շրջանի Աքպոյու թաղամասին մէջ գտնուող «Սուրբ Կոյսեր» վանական համալիրը կը շարունակէ թիրախ ըլլալ գանձախոյզներուն համար եւ շարունակաբար աւերուած է: Հայ պատգամաւորը յիշեցուցուցած է, որ 16-րդ դարու կառոյց համարուող այս համալիրը ժամանակին շուրջ 300 կոյսերու ապաստանն ու տարածաշրջանի կարեւոր կրթական կեդրոնը եղած է:
«Նաեւ ճարտարապետական տեսակէտէն կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս կառոյցը ցաւօք տարիներ շարունակ լքուածութեան եւ գանձախոյզներու կողոպուտին հետեւանքով գրեթէ լիովին ոչնչացման եզրին է:
Գանձախոյզներու գործունէութեան եւ իշխանութիւններու անտարբերութեան հետեւանքով Վանի եւ շրջակայքի պատմամշակութային կոթողները աւերուած են», յայտնած է պատգամաւորը:
Փայլան ներկայացուցած է հարցադիմում` ակնկալելով մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պատասխանը: Պատգամաւորը փորձած է պարզել, արդեօք Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը պատրաստու՞ին վերականգնել «Սուրբ Կոյսեր» վանական համալիրը: Ան ներկայացուցած է հետեւեալ հարցերը․
,1․ Պարզուա՞ծ է արդեօք, թէ որոնք գանձ գտնելու նպատակով հորատումներ կը կատարեն «Սուրբ Կոյսեր» մենաստանին եւ անոր շուրջը, անոնց դէմ իրաւական գործընթաց յարուցուա՞ծ է:
2․ Ինչու՞ Ձեր նախարարութիւնը պահպանութեան տակ չ’առներ «Սուրբ Կոյսեր» մենաստանն ու Վան նահանգի մէջ գտնուող միւս քրիստոնէական պատամական կառոյցները:
3․«Սուրբ Կոյսեր» մենաստանի վերակառուցմանն ուղղուած որեւէ աշխատանք կը ծրագրէ՞ք:
4․ Կազմուա՞ծ է արդեօք Վան նահանգին մէջ գտնուող եւ հայերու կողմէն կառուցուած մենաստաններու, եկեղեցիներու եւ մշակութային կառոյցներու ցուցակը:
5․ Հայերէն մնացած մշակութային հետքերուն ոչնչացումը մինչ օրս պետական քաղաքականութիւն եղսծ է: Կը մտածէ՞ք արդեօք որեւէ փոփոխութիւն մտցնել այս քաղաքականութեան մէջ: