«Արմէնփրէս».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնեց, որ հայկական արտադրութեան պսակաձեւ ժահրի քննութեան սարքերը պատրաստ են։
«Անոնք պիտի օգտագործուին Առողջապահութեան Նախարարութեան կողմէն պետական պատուէրով իրականացուող հետազօտութիւններուն համար։ Սա շատ լուրջ յառաջընթաց է մեր բժշկագիտութեան եւ հիմնարար գիտութիւններու համար», յայտնեց Թորոսեան։
Առողջապահութեան նախարարը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Մոլեքիւլըր» կենսաբանութեան հիմնարկին՝ քննութեան սարքեր մշակելուն եւ արտադրելուն համար, ինչպէս նաեւ պարէտատան՝ անոնց մշակման համար անհրաժեշտ պարագաները եւ նիւթերը ձեռք բերելուն եւ Հայաստան ներածելուն համար:
Միւս կողմէ, սակայն, կը շարունակէ մեծապէս աւելնալ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը՝ 24 Յունիսի դրութեամբ աւելնալով 711 նոր պարագաներով. պաքինած են 653 անձեր եւ մահացած՝ 14 ուրիշներ։
Հաստատուած պարագաներուն թիւը հասաւ 21,717ի, ապաքինածներունը՝ 10,797ի, ներկայիս բուժուողներունը՝ 10,404ի, մահերունը՝ 386ի, իսկ ընդհանուր քննութիւններունը՝ 100,400ի։
Վարակուածներ կան նաեւ Ազգային ժողովին մէջ. Ազգային ժողովի աշխատակազմի փոխնախագահ Լիլիթ Մինասեան հաստատեց, որ երեք պատգամաւորներ վարակուած են, կայ պարագայ մըն ալ աշխատակազմին մէջ:
«Ունենք 3 հաստատուած դէպք` «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներ Քրիստինէ Պօղոսեանը, Վիկտոր Ենգիբարեանը եւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Էնֆիաջեանը», յայտնեց Մինասեան: