Կը խօսէի հարազատի մը հետ, որ օտարութեան մէջ կ’ապրի: Անձնական երկար խօսակցութենէ ետք անոր հարցուցի իր միջավայրին եւ այնտեղի հայերուն մասին:
Յուզուած ձայնով պատասխանեց.
-Ա՜խ, ինչ ըսեմ այս օտարութեան: Ինձմէ խլեց շատ թանկագին բաներ, եւ աւելցուց.
-Դարձած ենք թափառական հայեր: Կարօտը կը քաշեմ հարազատ միջավայրիս, իմ հայերէնախօս միջավայրիս: Հոս, շնորհքով հայերէն խօսող չկայ: Այո՛, անունով հայկական միջավայրի մէջ կ’ապրիմ, բայց գրեթէ հայերէն խօսող չկայ… հետաքրքրութիւն չկայ… աշխուժ երիտասարդներ չկան…: Այստեղ հայերէն գիտցողն ալ կիսկատար կը խօսի եւ անոնց մեծամասնութիւնը տարիքոտ անձեր են, իսկ նոր սերունդը… շա՛տ կը ցաւիմ: Մեծ է անոնց թիւը, որոնք միայն ծագումով հայեր են,շատեր մոռցած են նոյնիսկ իրենց ծագումը: Անոնց զաւակներուն առաջին բառերը օտար լեզուով են: Հայկական եկեղեցիներուն մէջ քարոզ ու պատարագ՝ օտար լեզուով կը կատարուին:
Ցիրուցան հայեր :
Եւ ես հասկցայ…: Բախտաւոր եմ, որ ծնած եմ ու կ’ապրիմ արաբական երկրի մէջ: Բախտաւոր եմ, որ հայերէն կը խօսիմ, գիտեմ հայ եմ եւ չեմ դժգոհիր, որ հայ եմ: Այո՛, ծնանք, մեծցանք ու կ’ապրինք օտար միջավայրի մէջ, օտարներուն հետ կողք-կողքի, անոնց հետ միասին, բայց չենք մոռցած ո՛չ մեր լեզուն եւ ոչ ալ մեր ինքնութիւնը:
Հասկցայ: Երբ կ’ապրիս տեղ մը, ուր ամէն ուժով քեզ կը կապէ քու ազգիդ ու ինքնութեանդ, անկէ մեկնելէ ետք կ’արժեւորես, կը գնահատես հայկական միջավայրիդ առաւելութիւնները:
Հայ կայ, որ հայ է, հայ կայ՝ որ  հայ մնալու համար կէս-կատար ջանք կը թափէ, հայ ալ կայ՝ անունով հայ է: Ամէնքը չէ որ գիտեն հայերէն, երանի անոնց, որոնք գիտեն ու ամէն ջանք կը թափեն, որ պահեն հայերէն լեզուն ու ազգային արժէքները:
Խաչատուր Աբովեան կ’ըսէ, թէ ազգ մը պահողը, իրարու միացնողը լեզուն է (ու հաւատը):
Աշխարհով մէկ ցրուած հայեր:
Երանի այն հայուն, որ գիտէ այս խօսքին իմաստն ու արժէքը:

Աստղիկ Դանիէլեան

ԺԱ.կարգ
Քեսապի Ազգ.Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան