Ուրբաթ, 27 Յունիս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 12 այլ պարագաներ արձանագրուեցան, իսկ տարեց մը մահացաւ։ Միւս կողմէ լրագրող Շատի Հըլուէ հաղորդեց, որ մահուան պարագան Հալէպի մէջ արձանագրուած է:
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 255-ի, մահացածներունը՝ 8-ի, իսկ բուժուածներունը՝ 102-ի։