Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող բոլոր հանդիսութիւններուն աւարտին, ինչպէս նաեւ վերջաւորութեան թեմերուն մէջ կայացող այն հանդիսութիւններուն, որոնց կը նախագահէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, միաբերան կ՛երգուի «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը: Պարզունակ երգ մը, որ իր զինուորական քայլերգի նմանող հարուածային կշռոյթով, հպարտութեամբ կը փքացնէ երգողներուն եւ լսողներուն կուրծքն ու միանգամայն կը հրճուեցնէ անոնց հոգիները խանդավառութեամբ` ամրապնդելով Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին նուիրական առաքելութիւնը:

– Գիտէի՞ք, այս երգին հեղինակը հօրս հօրեղբա՛յրն է, – ըսաւ Արա Գասապեան քանի մը տարիներ առաջ, Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ կողքիս կանգնած, երբ Հայրապետական Սուրբ պատարագի աւարտին վեհարանի աստիճաններուն վրայ որոտած վերոյիշեալ մաղթերգը` երգչախումբին եւ ներկայ ժողովուրդին միացեալ կատարմամբ: Վեհափառը տամկացած աչօք կ՛օրհնէր շուրջը խռնուած հաւատացեալ ժողովուրդը, որ երգին բառերը սրտին ու հոգիին վրայ դաջած, կ՛աղօթէր իր հայրապետին կենաց արեւշատութեան համար:

Պատգամաւորական ժողովը, որ ընտրեց Կիլիկիոյ գահուն համար Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսը

Արային խօսքին ձայնային ելեւէջներուն մէջ կար ո՛չ միայն զէյթունցի տղամարդու յատուկ խրոխտ ձայնանիշը, այլ նաեւ նման երգի մը հեղինակային իրաւունքի հեռաւոր սեփականատէրը ըլլալու արդար հպարտութիւնը, որ խորապէս տպաւորեց զիս: Ան բացատրեց, որ Գրիգոր Գասապեանը իր հօր հօրեղբայրն էր, բնիկ զէյթունցի եւ Զէյթունի Հայոց գլխաւոր դպրոցի բազմավաստակ տնօրէնը, ուր ծնած էր նաեւ իր հայրը` նոյնպէս բազմավաստակ ուսուցիչ եւ մանկավարժ Տաճատ Գասապեանը: Զէյթունցի գերդաստանի շառաւիղ ընտանիք մը, որուն իւրաքանչիւր անդամին մէջ զգալի է «զէյթունցիական ջիղ»-ը:

Սահակ Բ. կաթողիկոս` հայրապետական նժոյգով

20-րդ դարասկիզբին, Կիլիկիոյ մէջ Շնորհալիներու գահի հայրապետ կ՛ընտրուի Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսը, 12 հոկտեմբեր 1902 թուականին, իսկ օծումը տեղի կ՛ունենայ 20 ապրիլ 1903-ին: Հայրապետական օծման հանդիսաւոր արարողութենէն ընդամէնը քանի մը ամիսներ ետք, Կիլիկեան ծագումով` խարբերդցի այս խիզախ հոգեւորականը, իր նժոյգին հեծած, Լեւոնի Բերդը դարերով իր ամպհովանին դարձուցած` Սիսի պատմական մայրավանքէն հովուապետական այցելութեան կը  ձեռնարկէ  հանդիպելու համար Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն մէջ ապրող ժողովուրդին` Ատանայի, Հաճնոյ, Մարաշի, Հալէպի, Զէյթունի, Մալաթիոյ, Տիվրիկի, Կիւրինի, Եոզղատի, Գըրշէհիրի, պապենական Խարբերդի եւ այլ շրջաններու մէջ, ոգեւորելու համար իր բանաւոր հօտը:

Գրիգորիս Ծ. վրդ. Աբարդեանց զէյթունի առաջնորդը

Սահակ վեհափառ Զէյթուն հասնելով, արծուեբոյն այս քաղաքի լեռնցի ժողովուրդին կողմէ ջերմ ընդունելութեան կ՛արժանանայ, գլխաւորութեամբ առաջնորդ` Գրիգորիս Ծ. վրդ. Աբարդեանցի: Զէյթունի մէջ անցուցած իր ութ օրերու ընթացքին հայոց հայրապետը այցելութիւններ կու տայ ազգային հաստատութիւններու, որոնց շարքին` Զէյթունի Հայոց գլխաւոր վարժարանը: Աշակերտութիւնը կանոնաւոր շքերթով որոտընդոստ ծափողջոյններով կը դիմաւորէ հայոց հովուապետը, իսկ վարժարանի տնօրէնի ողջոյնի խօսքերէն ետք Սահակ կաթողիկոս կ՛օրհնէ աշակերտութիւնը` դպրոցի աստիճաններուն վրայ կանգնած: Հազիւ հայրապետին խօսքն ու «Պահպանիչ» աղօթքը աւարտած, աշակերտութիւնը խանդավառութեամբ կ՛երգէ իր տնօրէնին` Գրիգոր Գասապեանին բառերով ու երաժշտութեամբ յօրինուած երգը` հայրապետական մաղթերգը, որուն առաջին կատարումն էր այդ, աւելի քան դար մը առաջ.

«Ի վեհ բարձանց սուրբ Սիոնի,
Թռիչս առեալ աղաւնի,
Ի Շնորհալւոյն բարձրեալ գահ,
Մի՛ մերձեսցի նմա մահ.
Հապօ՜ն եղբարք իմ Հայկազնեան,
Օ՛ն, մաղթեսցո՛ւք միաբան.
Պահեա՛, ո՛վ Տէր, անսասան
Զսուրբ Աթոռն Կիլիկեան.
Կեցցէ՛, կեցցէ՛ առյաւէտ
Տէր Տէր Սահակ Հայրապետ»:

Սահակ վեհափառ, նախքան Կիլիկիոյ գահուն բազմիլը, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի լուսարարապետի պաշտօնը վարած է: Ան` հաւատարիմ իր կոչման ու կատարած հոգեւորականի ուխտին եւ ընդառաջելով ազատ ընտրութեամբ մեր ժողովուրդի դրսեւորած կամքին, Սիս գալով կը ստանձնէ կաթողիկոսական ծանր լուծը տեղական շատ վատ պայմաններու մէջ, որոնք արդէն շուտով վատթարագոյնի պիտի փոխակերպուէին Ատանայի կոտորածով եւ ապա` Հայոց ցեղասպանութեամբ իր լրման հասած համամարդկային ողբերգութեամբ:

Կիլիկեան հայութիւնը Պատգամաւորական ժողովի գումարմամբ եւ կատարած ընտրութեամբ ծանօթացեր էր արդէն իր ազգընտիր հովուապետին, որ Երուսաղէմէն մինչեւ Կիլիկիա գալով, անձնուիրութեամբ փարած էր իր գործին: Ուստի, Զէյթունի վարժարանի տնօրէնը գրելով իր բանաստեղծութեան բառերը, Սիոնի վեհ բարձունքէն թռիչք առած «աղաւնի»-ին` Սահակ վեհափառին կ՛ակնարկէ, որ գալով բարձրացաւ Շնորհալիի գահուն, թող մահը բնա՛ւ չմերձենայ անոր: Ուստի կոչ կ՛ուղղէ ան Հայկազնեան ցեղիս բոլոր զաւակներուն` միասնաբար մաղթելու, որ Տէրը անսասա՛ն պահէ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռը, եւ առյաւէ՛տ ապրի Սահակ հայրապետը:

Այս անպաճոյճ, բայց ջերմ ու պարզ շունչով բառերուն տասնատողեայ յարակցութիւնը, անձի մը կենսագրականին խտացումը ըլլալէ բացի, Սուրբ Աթոռին պատմութեան բարձրակէտերը կ՛ընդգծէ` գիսաւոր աստղի արծաթահոս լուսագրիչով. Շնորհալիներու գահը` իր փառաւոր անցեալով, Հայկազնեան ցեղը` իր տառակոծ, մեռած ու վերյառնած ներկայով, արեւմտահայութեան ամրոց` Կիլիկեան Սուրբ Աթոռը, ու վերջապէս յոյսի նոր աղբիւր` հայոց նորընտիր հայրապետը…:

Արամ Ա. կաթողիկոս

Իրաւունք ունէր Արան հպարտանալու իր հօր հօրեղբայրով` այս բանաստեղծ-տնօրէնով, որուն քնարերգական տողերը իրենց երաժշտութեամբ միայն մէկ առիթով պիտի չլսուէին, ո՛չ ալ Հայոց ցեղասպանութիւնը պիտի կարենար վերջ դնել անոր քայլերգային հնչեղութեան: Չկա՛յ Զէյթունի Հայոց դպրոցը. անիկա աւերուած է բարբարոսին ձեռքով եւ վերջնական փլուզման ենթարկուած: Կոտորուած են անոր աշակերտներէն շատերը, իսկ Ցեղասպանութենէն հրաշքով վերապրածները արդէն այսօր այս կեանքին մէջ չեն: Չկա՛յ մանաւանդ հեղինակը` Գրիգոր Գասապեանը, բայց կա՛յ իր պարզունակ երգը, որ արդէն 117 տարիներէ ի վեր կ՛երգուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահին վրայ իրարու յաջորդած ութ կաթողիկոսներու վեհաշուք ներկայութեան, մինչեւ Սուրբ Աթոռոյս ազգընտիր գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Զէյթունցի տնօրէնին հեղինակած երգին վերջին տողը, անցեալ տասնամեակներուն միշտ փոփոխութեան ենթարկուած է` Սահակ կաթողիկոսի անուան  փոխարէն յարմարեցնելով Կիլիկիոյ գահին բարձրացած նոր կաթողիկոսին անունը: Դպրեվանքի ուսանողութեան մեր տարիներէն սկսեալ, նախ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. վեհափառին, ապա երբ միաբան դարձանք` երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. վեհափառին անունը երգեցինք, իսկ այսօր Արամ Ա. վեհափառին անունը կ՛երգենք` նոյն երգին ոստոստուն երաժշտութեամբ, միշտ միեւնոյն ոգեւորութեամբ եւ յառաջատեսիլ հայեացքով: Մեզմէ առաջ եկող սերունդները վստահաբար երգեցին` Բաբգէն Ա, Պետրոս Ա, Գարեգին Ա. եւ Զարեհ Ա. անմահանուն Կաթողիկոսներուն   անունը տեղադրելով վերջին տողին վրայ:

Այո՛, զէյթունցի էր այս բառերն ու երաժշտութիւնը յօրինողը. այո՛, Զէյթունի խրոխտ երկինքին տակ առաջին անգամ երգուեցաւ այս քայլերգը մատաղատի սերունդի անմեղ շրթներէն, հնչե՛ղ ձայնով: Բայց հեղինակն ու այդ օր սոյն երգին ունկնդիր Սահակ հայրապետն ու զէյթունցիները մարգարէ չէին, կարենալ գուշակելու, որ 20-րդ դարու վերջալոյսին, զէյթունցի արմատներով կաթողիկոս մը պիտի ընտրուէր եւ բազմէր Կիլիկիոյ գահին` Արամ Ա. վեհափառը: Բազմաշնորհ հոգեւորական մը, որ կաթողիկոսական 25 տարիներու իր փորձառութեամբ 21-րդ դարու առաջին քառորդէն կը տեսնէ մինչեւ դարավերջ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին դիմագրաւելիք մարտահրաւէրները: Իւրայատուկ անձնաւորութիւն, որուն համար սոյն մաղթերգի տողերը աղօթական փոխասացութեամբ պէտք է արտասանել, քաջառողջ երկարակեցութեան խոր մաղթանօք, համայն ազգիս սրտայորդ ու սիրազեղ երգեցողութեամբ:

Զէյթունցի տնօրէն Գրիգոր Գասապեանին մտքէն իսկ չէր անցեր, որ երգի առաջին կատարումի թուականին յաջորդող տասնամեակներուն, յատկապէս 1930 թուականէն ետք, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տարագիր կաթողիկոսութիւնը իր նոր կայքը ունեցաւ Անթիլիասի գեղածիծաղ ծովափին, այս երգը պիտի ունենար բազմաթիւ մշակումներ, որոնցմէ ամէնէն գեղեցիկը` Զարեհ վրդ. Ազնաւորեանին կողմէ յօրինուած:

2000 թուականի նոյեմբեր ամսուն, երբ հոգեւորական ծառայութեամբ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէինք, պատիւն ունեցանք մաս կազմելու Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան շքախումբին: Վեհափառ հայրապետին Արեւմտեան թեմի տարբեր քաղաքները այցելելու ծիրին մէջ, Ֆրէզնոյի մէջ տեղւոյն Հայոց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը անակնկալ մը մատուցեց նորին սրբութեան, երբ հայոց հայրապետը մուտք գործեց յիշեալ քաղաքի համաժողովներու դահլիճը, «Քանատական պղնձեայ փողերախումբի համոյթը» նոր մշակումով եւ մեծ թափով հնչեցուց «Ի վեհ բարձանց»-ը, Կիլիկիոյ արքաներու փառահեղ ընդունելութեամբ դիմաւորելով Կիլիկիոյ կաթողիկոսը` հայոց առիւծասիրտ արքաներու ու Կիլիկեան թագաւորութեան կենդանի յիշատակը եւ Հայոց պահանջատիրական պայքարի «Կարմիր կնիք»-ը:

Իրաւունք ունի՛ Արան հպարտանալու իր հօր հօրեղբայրով, որ իր դուզնաքեայ բանիւք դեռ հարիւրամեակներ լարուած պիտի պահէ իր սիրոյ ու յարգանքի բանաստեղծական քնարը եւ երաժշտական համեստ նուագարանը, որպէսզի միշտ հիւսուի փառքը մեր Սուրբ Աթոռին եւ անոր Աթոռակալին:

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց Թեմի
26 Յունիս 2020

Ազգային առաջնորդարան, Թաւրիզ