26 Յունիսին ուժի մէջ մտան 22 Յունիսին Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնները:

Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքէջին մէջ նշուած է. «Մինչեւ Սահմանադրութեան 7-րդ գլուխին ուժի մէջ մտնելը նշանակուած եւ Սահմանադրական դատարանի անդամի կամ դատաւորի պաշտօնին վրայ ընդհանուր տեւողութեամբ ոչ պակաս, քան 12 տարի պաշտօնավարած Սահմանադրական դատարանի անդամի (դատաւորի) լիազօրութիւններու ժամկէտը կը նկատուի աւարտած, ուստի կը դադրի անոր պաշտօնավարութիւնը»:

Հաղորդագրութեան համաձայն, նշուած կանոնակարգումներով դադրած է Հրայր Թովմասեանի պաշտօնավարութիւնը` իբրեւ Սահմանադրական դատարանի նախագահ, ինչպէս նաեւ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներ (անդամներ) Հրանդ Նազարեանի, Ֆելիքս Թոխեանի, եւ Ալվինա Գիւլումեանի պաշտօնավարումը:

Հրանդ Նազարեան Սահմանադրական դատարանի անդամի կամ դատաւորի պաշտօն վարած է աւելի քան 24 տարի, Ֆելիքս Թոխեան` աւելի քան 22 տարի, Ալվինա Գիւլումեան` աւելի քան 12 տարի:

Հայաստանի Սահմանադրութեան 213 յօդուածին 3-րդ մասին համաձայն, Սահմանադրական դատարանի երեք դատաւորներու թափուր տեղերուն համար առաջադրումները պէտք է կատարուին յաջորդաբար կառավարութեան, Հանրապետութեան նախագահին եւ դատաւորներու ընդհանուր ժողովին կողմէ երկամսեայ ժամկէտի ընթացքին, որ կը սկսի 27 Յունիսէն:

Ներկայիս նկատի ունենալով այն, որ Սահմանադրական դատարանի նախագահ չէ ընտրուած տակաւին, իսկ Ալվինա Գիւլումեանի` որպէս Սահմանադրական դատարանի անդամի (դատաւորի) լիազօրութիւններու ժամկէտը դադրած է, Սահմանադրական դատարանի նախագահի պարտականութիւնները կը կատարէ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներէն ամէնէն երէցը` աւագ դատաւոր Աշոտ Խաչատրեանը (1962-ի ծնունդ):