Վեհափառ Տէր,

Երախտագիտական ջերմ զգացումներով որդիաբար կու գամ Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան անունով շնորհաւորելու Ձերդ Սրբութեան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 25-ամեակին առիթով:

Հայրապետական մականը ձեր յանձն առած օրէն սկսեալ հաւատքի ծառայութեամբ շարունակեցիք մեր եկեղեցւոյ սուրբ հայրապետներուն առաքելութիւնը եւ 25 տարի շարունակ Ձեր կեանքը ընծայաբերեցիք Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ազգին գերագոյն արժէքները պաշտպանելու սուրբ գործին: Հայ Դատի հետապնդումը առաջնահերթ նկատելով, գործնականապէս նպաստեցիք Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման:

Անցնող 25 տարիներուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր դպրեվանքով, յանձնառու միաբանութեամբ եւ թեմերով ծաղկում ապրեցաւ:

Կաթողիկոսական Ձեր ընտրութիւնը անկիւնադարձային պահ մը հանդիսացաւ մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ: Ձեր իմաստուն հովուապետութեամբ, Կաթողիկոսութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Սփիւռքի տարածքին մեր ինքնութիւնը պահելու գործընթացին մէջ: Դիւանագիտութեամբ եւ նուիրական ծառայութեամբ տիպար օրինակ հանդիսացաք ո՛չ միայն հոգեւոր կեանքէն ներս, այլ ազգային ծառայութեան բնագաւառէն ներս եւ ջահակիրը դարձաք միջ-եկեղեցական արդիւնաւէտ յարաբերութիւններուն:

Կ’աղօթենք առ Բարձեալն Աստուած, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին իր առաքելահիմն եւ լուսաւորչահաստատ կոչումին մէջ անսասան պահէ եւ Ձերդ Սրբութեան քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն եւ ընդ երկար գահակալութիւն պարգեւէ:

Մատչելով ի համբոյր Ձերդ օծեալ Ս. Աջոյն,

Որդիաբար՝
Մասիս Եպս. Զօպուեան
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին