Շաբաթ, 27 Յունիս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Հալէպի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած երկրորդ անձի մը մահը հաստատուեցաւ։

Վարակուողը 70 տարեկան տարեց մարդ էր, որ սրտանօթային հարցերէ կը տառապէր։

Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 255-ի, մահացածներունը՝ 9-ի, իսկ բուժուածներունը՝ 102-ի։