ՍԱՆԱ-Դամասոս.- Սուրիոյ Նախարարներու Խորհուրդը իր հերթական նիստը գումարեց Կիրակի, 28 Յունիս 2020-ին, նախագահութեամբ վարչապետ Հուսէյն Արնուսի: Վարչապետը կոչ ուղղեց բոլոր նախարարութիւններուն իրենց աշխատանքի օրակարգին մէջ առաջնահերթութիւն համարելու քաղաքացիին ապրուստի հիմնական կարիքներու ապահովման միջոցները եւ երկրին տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու ծրագիրներու մշակումը: Նիստին ընթացքին Սուրիոյ ներքին գործոց եւ տնտեսութեան նախարարութիւնները յայտնեցին, որ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին «խելացի քարտեր»ու միջոցաւ բրինձ, շաքար, ձէթ եւ թէյ պիտի տրամադրուի ժողովուրդին՝ սուրիական առեւտուրի ընկերութեան բոլոր մասնաճիւղերուն ճամբով: Իր կարգին Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար Նիզար Եազճի զեկոյց ներկայացուց դեղ արտադրող գործարաններէն ներս աշխատանքներու հետապնդման եւ դեղերու յարմար գինով եւ բաւարար քանակով շուկայ ուղղելու մասին: Նախարարութիւնը նախանձախնդիր է ամէն տեսակ օգնութիւն ցուցաբերելու, որպէսզի տեղական արտադրութեամբ ժողովուրդին դեղորայքի կարիքը ապահովուի: Նախարարներու Խորհուրդը կոչ ուղղեց ժողովուրդին գիտակցութեամբ վարուելու այս վտանգաւոր փուլին ընթացքին եւ խճողում չստեղծելու, խուսափելու համար պսակաձեւ ժահրի արագընթաց տարածումէն: Այս առիթով խորհուրդը որոշում առաւ հարսանիքները սահմանափակել միայն բացօթեայ վայրերով եւ հրաւիրեալներու 50%-ին մասնակցութեամբ: