Ազատութիւն TV-ի «Դիմատետրի Ասուլիս» ծրագիրի ուղիղ սփռումով 29 Յունիսին, ժամը 7:00-ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կը պատասխանէ օգտատէրերու հարցումներուն:
– Կը հրապարակուին եւ կը հնչեն միայն ասուլիսի էջին մէջ գրուած, վիրաւորանք, հեգնանք, ծաղր, բռնութեան կոչեր չբովանդակող, ու համառօտ հայատառ հարցումները,
– Կրկնուող ու նոյնաբովանդակ հարցումները նոյնպէս չեն հաստատուիր,
-Հարցումներ ուղղելու համար կրնաք տեղադրուած յղումը մուտք կատարել: