Կիրակի, 29 Յուլիս 2020-ին, Հալէպի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւին բարձրացումին հետեւանքով եւ նախազգուշանալով համաճարակին արագընթաց տարածումէն, Հալէպի նահանգապետարանը որոշեց Սաատալլա Ճապրի հրապարակը, Հալէպի Բերդին շրջակայքը եւ հանրային այլ հրապարակներ փակել: Նահանգապետարանը շուկաներուն, ճաշարաններուն եւ ուտեստեղէնի խանութներուն հսկելու պարտականութիւնը պիտի վստահի Հալէպի քաղաքապետարանի ներքին առեւտուրի եւ առողջապահութեան տնօրէնութիւններուն, իսկ օրէնքները խախտողներուն համար խիստ պատիժներ պիտի սահմանէ:
Նահանգապետարանը շեշտեց ճաշարաններէն ներս աշխատող բոլոր պաշտօնեաներուն դնչակապ գործածելու եւ ճաշարանի բոլոր բաժինները օրական դրութեամբ հականեխելու, ինչպէս նաեւ լողաւազանները եւ մարզասրահները հականեխելու անհրաժեշտութիւնը, եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդին յարգելու Սուրիոյ Կրօնական Կալուածներու Նախարարութեան հրապարակած որոշումները՝ յատկապէս մզկիթներէն ներս ժողովուրդին միջեւ հեռաւորութիւնը պահելու եւ չձեռնուելու առումով: